
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Ինչպէս հայկական որեւէ օճախի, նոյնպէս ալ Արեւմտեան թեմին մէջ գեղեցիկ աւանդութիւն դարձած է, որ եկեղեցիներու անուանակոչութեան օրերը տօնախմբուին փառաշուք կերպով եւ մատաղի օրհնութեամբ, ինչ որ յատուկ առիթ կը ստեղծէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հաղորդուելու մեր տոհմիկ աւանդութեանց հետ ու վերանորոգելու հաւատքի ուխտը:
Խաչվերացի տօնին առիթով, որ է նաեւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի անուանակոչութեան տօնը, ամէն տարի եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. պատարագ կը մատուցուի տաճարին մէջ, «Անդաստան» կը կատարուի, ապա տեղի կ՛ունենայ մատաղի եւ ռեհանի օրհնութիւն: Այս տարի եւս, տաճարի անուանակոչութեան տօնը փառաշուք կերպով տօնախմբուեցաւ Կիրակի, Սեպտեմբեր 14ին։ Եպիսկոպոսական պատարագ մատոյց եւ իր հոգեւոր պատգամը փոխանցեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան:
Ս. խորանին կը սպասարկէին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան եւ սարկաւագներ: Ներկայ էին Ազգ. վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան, շրջանի երեսփոխաններ, բարերարներ եւ գաղութիս մէջ գործող միութեանց ներկայացուցիչներ:
Պատարագիչ առաջնորդ սրբազան հայրը Ս. Խաչի Վերացման տօնին առիթով իր պատգամին մէջ փառք տուաւ Աստուծոյ եւ յիշեցուց, որ անցնող շաբթուան ընթացքին մասնակցած էր Միջին Արեւելքէն Ուաշինկթըն համախմբուած քրիստոնեայ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու ժողովին, որուն մասնակից էր նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոս։ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպանութեան ի խնդիր կազմակերպուած հոգեւոր այս գերաստիճանին նպատակն էր քննարկել քրիստոնէական եկեղեցիներուն եւ համայնքներուն սպառնացող ահաբեկչական խմբակցութիւններու ծանօթ արարքները եւ վտանգները կանխելու կարելիութիւնները։
Սրբազանը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ պատմական այն դէպքերուն, որոնք կապուած են Ս. Խաչի Վերացման տօնին. ան բնաբան ընտրած էր շարականի հետեւեալ բառերը. «Զօրութիւն Ս. Խաչի Քո Քրիստոս, որ կանգնեցեր ի փրկութիւն աշխարհի, սա պահեսցէ զմեզ յամենայն փորձութենէ», որ կը նշանակէ՝ «Ս. Խաչիդ զօրութիւնը, Քրիստոս, զոր կանգնեցուցիր աշխարհի փրկութեան համար, թող մեզ պահպանէ փորձութենէ»:
Առաջնորդը յիշեց, թէ ինչպէս Քրիստոսի Ս. Խաչը, պարսից կողմէ 7րդ դարու առաջին քառորդին, եկեղեցական այլ սպասներու հետ իբրեւ աւար Պարսկաստան գերեվարուեցաւ։ Այդ թուականէն շուրջ քսան տարի ետք, յունաց Հերակլ կայսրը, Ս. Խաչը ազատագրելու համար Պարսկաստան արշաւեց։ Հայկական զօրագունդ մը, Մժէժ Գնունի իշխանի առաջնորդութեամբ, միացաւ Հերակլ կայսեր զօրաբանակին, եւ յաղթելէ ետք պարսիկներուն՝ անոնք ազատագրեցին Ս. Խաչը եւ վերադարձուցին Երուսաղէմ, ուր զետեղուեցաւ Ս. Յարութեան տաճարին մէջ։
«Խաչը քրիստոնէութեան էութիւնն է, մեր հաւատքի կեանքին ամէնէն զօրաւոր պատգամը, որ կը վերանորոգէ մեր կեանքը: Քրիստոս յանձն առաւ մեզի համար խաչ բարձրանալ, կրեց մեզի համար անասելի տառապանքներ, իր արիւնը զոհաբերեց, որպէսզի մենք փրկուինք ու յաւիտենական կեանք ունենանք: Խաչը նաեւ մարդուն հանդէպ Աստուծոյ սիրոյն գերագոյն արտայայտութիւնն է, սիրոյ, արդարութեան եւ աստուածային զօրութեան խորհրդանիշը: Խաչը մեզի՝ քրիստոնեաներուս համար, ո՛չ միայն սիրոյ, զոհողութեան, այլեւ յաղթութեան խորհրդանիշ ու զէնք է։ Խաչը մխիթարութիւն, յոյս ներշնչող անմահ կեանքի գրաւականն է բոլոր հաւատացեալներուն, որոնք երկիւղածութեամբ եւ խոր հաւատքով կը մօտենան Խաչի խորհուրդին: Քրիստոնեային համար, ուրեմն, կայ մէկ ճամբայ՝ Ս. Խաչի ճամբան, ուրեմն նայինք անոր եւ ապրինք մեր հոգեւոր վերածնունդը», ըսաւ սրբազանը:
Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ Միջին Արեւելքի ծանօթ իրադարձութիւններուն՝ նկատել տալով, որ ծայրայեղական տարրեր այսօր ալ հալածանքի կ՛ենթարկեն խաչը: «Մեր պապերը դարեր շարունակ հալածանքներ կրած են նմանօրինակ արարքներու հետեւանքով, սակայն հաստատ մնացած են իրենց հաւատքի ճամբուն մէջ, հաւատքը անոնց տուաւ յոյս ու դիմադրելու զօրութիւն», ըսաւ առաջնորդը: Անոնք հաւատարիմ մնացին խաչին ու անոր ապաւինելով՝ յաղթահարեցին դժուարութիւնները: Ան շեշտեց, որ այսօր ալ մեր քրիստոնեայ եղբայրները նոյն հաւատքով ու նոյն հաւատարմութեամբ կը նային խաչին, եւ վստահաբար անոնք պիտի յաղթահարեն վտանգներն ու փորձութիւնները եւ պիտի հասնին ապահովութեան ափ: Առաջնորդը աղօթք բարձրացուց, որ աշխարհը վերագտնէ խաղաղութեան ուղին ու մասնաւորաբար վերջ գտնեն Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու տառապանքները:
Պատարագի աւարտին, առընթերակայութեամբ հոգեւոր հայրերուն եւ սարկաւագներուն, սրբազան հայրը կատարեց Խաչի տօնին Անդաստանի արարողութիւնը եւ օրհնեց երկրի չորս կողմերը, մեր հայրենիքն ու հայրապետութիւնը, հայոց հանրապետութիւնը, վանքերն ու դպրատուները, հայոց դաշտերն ու այգիները, ինչպէս նաեւ ամբողջ հայ ժողովուրդը, ապա կատարեց ռեհանի օրհնութիւնը։
Արարողութեան աւարտին, առաջնորդը թափօրով ուղղուեցաւ «Բաղրամեան» սրահ, ուր հաւատացեալներու խուռներամ ներկայութեամբ կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն ու բաշխում։ Ապա, տարիներու գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն՝ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ, կազմակերպութեամբ տիկնանց օժանդակ մարմինին։ Սեղաններու օրհնութենէն ետք, ողջոյնի խօսք արտասանեց տաճարի հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան։
Հուսկ, սրբազանը իր օրհնութեան, շնորհաւորական, քաջալերանքի եւ գնահատանքի խօսքը ուղղեց Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչին, հովիւին, հոգաբարձութեան, տիկնանց միութեան եւ ներկայ հաւատացեալներուն՝ մաղթելով Մոնթեպելլոյի գաղութին բարգաւաճ եւ բեղուն կեանք։
Հանդիսաւոր արարողութիւնները վերջ գտան «Կիլիկիա» մաղթերգով եւ «Մեր Հայրենիք» քայլերգով։