
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 29ի կէսօրին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Տոհինի Մեմորիըլ» գրադարանի թիւ 244 սրահին մէջ, «Միջին Արեւելք մը՝ առա՞նց փոքրամասնութեանց» նիւթով դասախօսական տեղի պիտի ունենայ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին, Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան պիտի զեկուցէ Միջին Արեւելքի վերջին իրադարձութիւններուն մասին՝ կեդրոնանալով յատկապէս ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութեանց կրած դժուարութիւններուն վրայ։
Ներկայացումը պիտի համակարգէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի միջազգային յարաբերութեանց բաժանմունքի դասախօս դոկտ. Լաուրի Պրենտ։
Վեր. Փօլ Հայտոսթեան, 2002էն ի վեր, «Հայկազեան» համալսարանի նախագահն է ու ներկայիս Միջին Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու կեդրոնական վարչութեան ատենապետն է։
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ուսմանց հիմնարկին կողմէ, որուն տարեկան ձեռնարկին (Սեպտեմբեր 28ին, «Պեվըրլի Հիլթըն»ի մէջ) գլխաւոր բանախօսը պիտի ըլլայ վեր. Փօլ Հայտոսթեանը։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (562) 508-8474 թիւին։