
Քալիֆորնիայէն «Փարոս» բարեսիրական կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Ծովածոցի իր մասնաճիւղին գոյացուցած գումարներով, կարելի եղած է ամբողջութեամբ վերանորոգել Հայաստանի Լոռի մարզի Կուրթան գիւղի բժշկական կեդրոնը։
Ծրագիրը մաս կը կազմէ «Փարոս»ի նախաձեռնած՝ մինչեւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակ՝ 100 ծրագիրներ իրականացնելու միտող կազմակերպութեան ընդհանուր արշաւին, որուն նպատակն է նպաստել Հայաստանի բարգաւաճման:
«100 Մինչեւ 100» նախաձեռնութեան այս ծրագիրի գումարները ապահովելու համար, Ծովածոցի մասնաճիւղը Նոյեմբեր 2013ին գինի համտեսելու ձեռնարկ մը իրականցուցած է. գինիները նուիրած էին տէր եւ տիկին Ռիք եւ Ուենտի Մուրատեանները, իսկ ձեռնարկը իրականացած էր տոքթորներ Տանըլտ եւ Մարթա Միսիրլեաններու բնակարանին մէջ։
Կուրթանի բժշկական կեդրոնի բացումը տեղի ունեցած է Յունիս 30, 2014ին։ «Փարոս» բարեսիրական կազմակերպութեան ծրագիրներուն նեցուկ կանգնելու կամ անոնց մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար, այցելել www.parosfoundation.org կայքը։