ՄԱԿ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդած է, որ արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի եւ Ռուսիոյ անոր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրով Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին, ընդգծած են Ուքրանիոյ կացութեան կարգաւորման վերաբերեալ Մինսկի մէջ ձեռք բերուած բոլոր համաձայնութիւններու կատարման անհրաժեշտութիւնը:
«40 վայրկեան տեւած հանդիպումին ընթացքին, արտաքին գործոց նախարարներ Քերի եւ Լաւրով քննած են Ուքրանիոյ կացութիւնը եւ կարեւոր նկատած զինադադարի վերաբերեալ Մինսկի համաձայնագիրին բոլոր՝ 12 կէտերուն ամբողջական ու պատշաճ կատարումը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
«Իթար-Թասս» կը հաղորդէ, որ նախարարները քննած են նաեւ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման դէմ պայքարը եւ կարծիքներ փոխանակած Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ Թեհրանի հետ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն 5 անդամներուն եւ Գերմանիոյ միջեւ բանակցութիւններուն շուրջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.