ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի քարիւղի «Սոքար» պետական ընկերութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը՝ հաղորդելով, որ Ապրիլ 1, 2015ին պիտի սկսին անդրանատոլեան կազատարի՝ «Թանափ»ի, շինարարութեան գործնական աշխատանքները:
Սոյն կազատարով կը նախատեսուի «Շահ Տենիզ» հանքի ատրպէյճանական կազը Թուրքիոյ տարածքով հասցնել Եւրոպայի սահմանները: Կազի խողովակաշարի նախնական կարողականութիւնը պիտի ըլլայ տարեկան 16 միլիառ խորանարդ մեթր, որուն 6 միլիառը պիտի մատակարարուի Թուրքիոյ, իսկ մնացեալը՝ Եւրոպայի: Յետագային, այդ ծաւալը կրնայ հասցնիլ տարեկան 31 միլիառ խորանարդ մեթրի:
Կազատարի շահագործումը կրնայ սկսիլ 2018ին: Նախագիծը կը գնահատուի 10-11 միլիառ տոլարով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.