ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան 16 Հոկտեմբերին ընդունած է աշխատանքային այցելութեամբ Երեւան գտնուող Նիւ Եորքի «Քարնըկի» հիմնարկի նախագահ Վարդան Գրիգորեանն ու փոխնախագահ Տիանա Արսէնեանը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են «Քարնըկի» հիմնարկին հետ համատեղ կրթական ծրագիր իրականացնելու կարելիութիւնը: Ընդգծելով, որ միջազգային կապերու ընդլայնումը Հայաստանի կրթական քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններէն է՝ նախարարը ներկայացուցած է Հայաստանի կրթական ձեռքբերումները: Ան յատկապէս դիտել տուած է, որ հայ դպրոցականները այս տարի եւս լուրջ յաջողութիւններ ունեցած են միջազգային ողիմպիականներուն՝ ընդհանուր առմամբ նուաճելով 19 մետալ: «Այս ցուցանիշով փոքրաթիւ բնակչութիւն ունեցող Հայաստանի Հանրապետութիւնը գերազանցում է մեր հարեւան Ադրբեջանին ու Վրաստանին միասին վերցրած եւ գրեթէ հաւասարւում է մեր միւս հարեւան Թուրքիային: Հայաստանի կրթական կարեւոր նորութիւնը՝ «Շախմատ» առարկայի ներմուծումն է հանրակրթական ծրագրերում, որը մեծ հետաքրքրութիւն է առաջացրել միջազգային կրթական միջավայրում», դիտել տուած է նախարարը։ Ան ընդգծած է, որ ներկայիս գիտամանկավարժական գնահատական կը կատարուի՝ դասանիւթի ներդրման արդիւնաւէտութիւնը գնահատելու նպատակով, թէեւ, ըստ Ա. Աշոտեանի, նախնական դիտարկումները արդէն կը վկայեն, որ երեք տարի դպրոցին մէջ ճատրակ սորված երեխան կ՛ունենայ աւելի արագ եւ զարգացած մտածողութիւն: Նախարարը ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի դպրոցներուն մէջ օտար լեզուներու ուսուցման համակարգը, ինչպէս նաեւ միջազգային համագործակցութեան ծրագիրներ՝ շեշտելով, որ կրթական համակարգի մրցունակութեան բարձրացման ուղղութեամբ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը պատրաստ է բաց համագործակցութեան՝ միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւններու ու հանրային կառոյցներու հետ: Նախարարը նաեւ շեշտած է նաեւ, որ Հայաստանի կրթական համակարգը մէկ կողմը տակաւին կը կրէ խորհրդային դպրոցի հետքերը, սակայն միաժամանակ արդէն ներգրաւուած է եւրոպական կրթական տարածքին մէջ: Նախարարը հիւրերը տեղեակ պահած է այն մասին, որ Հայաստան 2012 թուականին երեք տարիով ստանձնած է Պոլոնիայի քարտուղարութեան ղեկավարութիւնը եւ այժմ կը նախապատրաստուի Պոլոնիայի գործընթացի անդամ երկիրներու նախարարական գագաթաժողովին, որուն կայացումը նախատեսուած է 2015 թուականի Մայիսին:
«Քարնըկի» հիմնարկի պատասխանատուները՝ ներկայացնելով իրենց գործունէութիւնը, նշած են, որ իրենք հետաքրքրուած են Հայաստանի կրթական համակարգի ուսումնասիրութեամբ եւ պատրաստ են նպաստելու ոչ միայն Սփիւռքի հայկական կրթօճախներու գործունէութեան, այլ նաեւ Հայաստանի մէջ ընթացող կրթական նախաձեռնութիւններուն:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ կրթական այլ հիմնախնդիրներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.