ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերու նախարար Վոլքան Պոզքըր յայտարարած է, թէ Կիպրոսի վերաբերեալ Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւը Թուրքիոյ համար հետեւանքներ պիտի չունենայ:
Կիպրոսի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները վերջին ամիսներուն սրած են՝ կղզիի ջրային տարածքին վրայ թուրքերուն կողմէ քարիւղի եւ կազի հանքավայրերու հետախուզման պատճառով:
Հոկտեմբերի սկիզբը, Անգարա յայտարարած էր, որ այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան խնդրանքով, հետախուզութեան կը սկսի իր գրաւած տարածքներուն մէջ, ուր Կիպրոսի խնդրանքով արդէն աշխատանքներ կը կատարեն իտալական եւ հարաւային քորէական ընկերութիւններ:
Թուրքիա Կիպրոսի ափերուն մօտ հետազօտական եւ զինուորական նաւեր ուղարկած է, իսկ Յունաստան եւ Կիպրոս Թուրքիան ամբաստանած են Կիպրոսի գերիշխանութիւնը խախտելու յանցանքով։
Եւրոխորհրդարանին կողմէ որդեգրման պատրաստ բանաձեւին մէջ կ՛ըսուի, որ Անգարայի գործողութիւնները «անօրինական եւ սադրի»չ են: Փաստաթուղթը Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ իր նաւերը Կիպրոսի «բացառիկ տնտեսական գօտիէն» անմիջապէս հեռացնելու:
«Մենք կը յարգենք Եւրոխորհրդարանը, սակայն այդ բանաձեւը եւս պիտի արժանանայ նոյն ճակատագիրին, որուն արժանացած են Կիպրոսի վերաբերեալ նախկին բանաձեւերը: Անիկա վաւերական չէ եւ չի կրնար հետեւանքներ ունենալ Թուրքիոյ համար», յայտարարած է Պոզքըր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.