ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- ՀՕՄի Սան Ֆրանսիսքոյի «Կարին» մասնաճիւղի ամսական ճաշկերոյթներու շարքին, Նոյեմբեր ամսուան ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 18ին, նուիրուած՝ Գոհաբանութեան տօնին։
Նշեալ ճաշկերոյթներուն անհամբեր կը սպասեն յատկապէս շրջանի տարեցները: Անոնց մասնակցողներուն թիւը ընդհանրապէս 50էն 60 հոգի է: ճաշերը կը պատրաստուին ՀՕՄի անդամուհիներուն կողմէ։
Նոյեմբեր 18ի ճաշկերոյթը պատրաստուած էր առաջնորդութեամբ Սօնա Սահակեանին, իսկ ներկաներուն շարքին կար 108ամեայ Լուիս Միրիկեանը, որ աւելի քան 50 տարիներու անդամ է ՀՕՄին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.