
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Աւելի քան 700 հոգի ներկայ եղած է Շաբաթ, Նոյեմբեր 22ին, ՀԵԴի Մոնթեպելլոյի «Վահան Քարտաշեան» ուխտին հիւրընկալութեամբ տեղի ունեցած Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան շրջանաւարտներու հաւաքոյթին, որ առիթ մը հանդիսացած է նաեւ տօնելու «Վահան Քարտաշեան» ուխտին եւ ՀԵԴ հիմնադրութեան յաջորդաբար՝ 56րդ եւ 81րդ տարեդարձները:
Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» սրահին մէջ կայացած ձեռնարկը խանդավառած է «Քէֆ Թայմ» նուագախումբը: Նաեւ, երգերով եւ պարերով ելոյթներ ունեցած են ներկայ ու անցեալի ՀԵԴականներ։
Ձեռնարկի հասոյթին մէկ մասը պիտի տրամադրուի ՀԵԴ ճամբարին եւ «Երիտասարդական ջոկատներ» ծրագիրին։