
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Համաշխարհային հռչակի տիրացած արուեստագէտ ջութակահարներ Անի եւ Իտա Գաւաֆեանները, շարք մը այլ հեղինակաւոր արուեստագէտներու կողքին ելոյթ պիտի ունենան Կիրակի, Դեկտեմբեր 14ին, կ.ե. ժամը 3ին սկսելիք սենեկային երաժշտութեան համերգի մը ընթացքին, որ մաս կը կազմէ «Դիլիջան» համերգաշարին։
Լոս Անճելըսի «Զիփըր» համերգասրահին մէջ տեղի ունենալիք սոյն համերգին ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան պիտի ներկայացուին Քրիստափոր Նաճարեանէն եւ Սերժ Թանքեանէն ստեղծագործութիւններ, շարք մը այլ դասական կտորներու կողքին։
Մենակատարներու շարքին են նաեւ Միշել Զուքովսքի (քլարինեթ), Արմէն Կիւզելիմեան (դաշնակ), Վարդի Մանուէլեան (ջութակ), Մովսէս Պօղոսեան (ջութակ), Փիէն Սին Սինտի Ուու (ջութ), Անթոնիօ Լիսի (թաւջութակ) եւ Վարդան Գասխարեան (թաւջութակ)։
Տոմսերու սակը 20 եւ 35 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 15 տոլար։ Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 500-9997 ու (818) 572-5438 թիւերուն կամ այլցելել http://dilijan.larkmusicalsociety.com/tickets.php կայքէջը։
Նշենք, որ 2014-2015ի «Դիլիջան» համերգաշարը կ՛իրականացուի 10րդ տարին ըլլալով, եւ այս տարուան համերգաշարը նուիրուած է Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին։