ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Հովանաւորութեամբ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ կազմակերպութեամբ Հայ Օգնութեան Միութեան «Սոֆիա» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ դպրոցի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, Կիրակի, Նոյեմբեր 23ին, ժամը 1ին, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գոհաբանութեան տօնի տարեկան ճաշկերոյթը:
Գոհաբանութեան ճաշկերոյթին, «Սոֆիա» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտութիւնը կոկիկ յայտագիրով մը ներկայացաւ հանրութեան։ Իրապէս գնահատելի աշխատանքի արգասիքն էր, զոր ներկաները վայելեցին եւ ծափերով իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին:
Հանդիսութեան հանդիսավար Սօսի Ճապրայեան, բեմ բարձրանալով՝ իր ուրախութիւնն ու բարի գալուստի խօսքը յայտնեց եւ ըսաւ. «Շատ ուրախ եւ երջանիկ կը զգանք, երբ մեծ թիւով ծնողներ եւ բարեկամներ դպրոցի հրաւէրին ընդառաջած են. ձեր ներկայութիւնը մեզ մեծապէս կը կը խանդավառէ եւ ուժ կը ներշնչէ՝ աւելի կառչելու այս սրբազան աշխատանքին»։ Ապա ան բեմ հրաւիրեց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վահան քհնյ. Կոստանեանը, որպէսզի աղօթքով հանդիսութեան բացումը կատարէ:
Ամերիկեան քայլերգը գեղեցկօրէն եւ համարձակ մեկնաբանեց փոքրիկն Ֆարրահ Վարդանեանը. երգին ամենաբարձր ձայնանիշներն անգամ հնչեցին բնական, սահուն եւ հեզասահ՝ ունկնդիրներուն պարգեւելով վայելքի եւ ապրումի գեղեցիկ պահեր:
Բեմին վրայ կազմ ու պատրաստ սպասող աշակերտներն ալ, նոյնքան գեղեցիկ եւ ապրումով երգեցին Հայաստանի եւ ՀՕՄի քայլերգները՝ ներկաներու բուռն ծափահարութիւններուն արժանանալով:
Հանդիսավար Սօսի Ճապրայեան բեմ հրաւիրեց ընկերուհի Ժիլ Իսկէնտէրը, վարչութեան խօսքը փոխանցելու համար։ Ընկերուհին, շնորհաւորելէ ետք Շաբաթօրեայի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը՝ ուժ ու կորով մաղթեց շարունակելու այս ազգօգուտ աշխատանքը: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ տնօրէնուհի Նազիկ Արիսեանը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք իր ուսուցչական կազմին եւ բոլոր ներկաներուն, թելադրեց, որ «ծնողները իրենց զաւակները առաջնորդեն դէպի հայկական դպրոցներ, որպէսզի անոնք հասակ առնեն հայկական միջավայրի մէջ, ապրին հայօրէն եւ ապագային ծառայեն հայ ազգին»:
Երբ սեղաններուն շուրջ բոլորուած ներկաները կը ճաշակէին ընկերուհիներուն պատրաստած համադամ ճաշերը, յանկարծ հնչեց «Հմայեակ æան» երգը՝ սրահը փոթորկելով, իսկ բեմին վրայ շարուած աշակերտները պարելով սկսան շրջելու սեղանները։ Ծափն ու պարը խանդավառ մթնոլորտ աստեղծեցին, ապա աշակերտները արտասանութիւններով, մանկական երգերով եւ դաշնամուրի նուագով առաւել ջերմացուցին մթնոլորտը։ Ներկաները, ի տես այս ներդաշնակ մթնոլորտին, մանկական շրթներէն բարձրացող երգերուն եւ արտասանութիւններու իւրաքանչիւր վանկին ու ձայնանիշին՝ «Ապրի՛ք, շատ ապրիք» կանչերով գնահատեցին:
Ապա Սօսի Ճապրայեան բեմ հրաւիրեց Վահան քհնյ. Կոստանեանը, որ հանդիսութեան փակումը կատարէ:
Վստահ ենք, որ ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ բաժնուեցան սրահէն։ Իրապէ՛ս կոկիկ եւ խնամքով պատրաստուած յայտագիր մը ներկայացուեցաւ. կը շնորհաւորենք Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ դպրոցի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը՝ մաղթելով բոլորին ուժ ու կորով, ծառայելու «Հայոց ազգի մանուկներուն»:
Այս օտար ափերուն, մենք պէտք ունինք նման հանդիսութիւններու, որպէսզի մեր սիրտերն ու հոգիները ջերմանան եւ մեր տուներուն մէջ հնչեն հայկական երգն ու պարը:
Վարձքերնիդ կատար, սիրելի ուսուցչուհիներ եւ ՀՕՄի ընկերուհիներ: