ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Կիրակի, Նոյեմբեր 23ը եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն՝ Յինանց Ա. Կիրակին էր, որ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծուխին համար տօնական օրուայ մը վերածուեցաւ. հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր եկեղեցւոյ մէջ։ Առաւօտեան ժամերգութենէն ետք, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան մատուցեց Ս. պատարագ, որուն հանդիսապետեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը՝ իր հայրական պատգամը փոխանցելով եւ օծելով գաւիթի նոր դրան խաչի ապակենկարն ու եկեղեցւոյ երեք սրբապատկերները։
Պատարագին ներկայ էին եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան ամոլը, Ազգ. վարչութեան անդամ Թերեզ Քէմանճեանը, ազգային երեսփոխաններ, եկեղեցւոյ բարերարներ ու քոյր միութեանց ներկայացուցիչներ։
Պատարագի ընթացքին, քարոզէն առաջ, «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ, եկեղեցւոյ սպասարկող սարկաւագներուն եւ տէր հօր թափորով, առաջնորդ սրբազան հայրը աւանդատունէն առաջնորդուեցաւ Ս. խորան։ Սարկաւագներու կողմէ ընթերցուած սաղմոսէն ետք, սրբազանը կարդաց եկեղեցւոյ սրբապատկերներու օծման կանոնի հոգենորոգ աղօթքը՝ խնդրելով. «Դուն ինքդ, ո՜վ Տէր, օրհնէ եւ սրբէ այս պատկերները եւ ընդունէ մեր երկրպագութիւնը Քու փառքիդ համար։ Դուն բարիով վարձատրէ բոլոր անոնք, որոնք վաստակեցան ասոր համար եւ հատուցանէ անոնց՝ քու բարի պարգեւներդ տալով»։
«Զորս ըստ պատկերի քում» շարականի երգեցողութեամբ, սրբազանը հերթով օծեց սրբապատկերները։ «Ամէն ալելուիա»ի երգեցողութեամբ, սրբազանը առաջին հերթին օծեց եկեղեցւոյ գաւիթի նոր դրան խաչի ապակենկարը, որուն բարերարներն են Մկօ, Թալին, Նայիրի եւ Արի Փանոսեաններ։ Երկրորդ հերթին, ան օծեց Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս հայոց առաջին լուսաւորիչ առաքեալներու սրբապատկերները, որոնց բարերարներն են տէր եւ տիկին Արփիար եւ Հերմինէ Ճանոյեաններ եւ Գաբրիէլեան ընտանիքը։ Ապա օծեց «Վերջին Ընթրիք»ի պատկերը, որուն բարերարներն են Գալուստ Շխըրտմեան եւ ընտանիքը։
Օծման արարողութեան աւարտին, սրբազան հայրը օրհնեց եւ իր բարեմաղթանքները ուղղեց սրբապատկերներու բարերարներուն եւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Ապա, իր հայրական պատգամը ուղղելով՝ նախ գոհութիւն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ դէպի Անթիլիաս եւ Ս. Էջմիածին ուղեւորութենէն ետք, առաջին անգամ ըլլալով աղօթակից կ՛ըլլայ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծուխի հաւատացեալ ժողովուրդին։
Սրբազանը անդրադարձաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ Հայ եկեղեցւոյ զոյգ հայրապետներուն նախագահութեամբ կայացած Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Բ. ժողովին, որուն ընթացքին քննարկուեցան հայ ազգը եւ Հայաստանեայց եկեղեցին յուզող հարցեր, յատկապէս՝ վերատեսութեան ենթարկուած Ս. Մկրտութեան եւ Դրոշմի արարողակարգը, Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ մեր նահատակներու հաւաքական սրբադասումը եւ այլ հարցեր։
Ապա, սրբազան հայրը անդրադարձաւ օրուան ճաշու աւետարանական հատուածին՝ «Անմիտ Մեծահարուստ»ի առակին եւ անկէ բխող կոչին, որ կը թելադրէ հարստանալ Աստուծոյ աչքին, հարստանալ մեր եկեղեցիով, մեր ազգով, հարստանալ հոգեպէս եւ բարոյապէս։ Անմիտ մեծահարուստի եսասիրութեան, անձնասիրութեան ու Աստուծոյ միջամտութեան մասին խօսելով՝ ան մատնանշեց, թէ մեծահարուստը հակառակ իր վայելած բարիքներուն, չէր գիտեր գոհանալ, բաւարարուիլ եւ խնդրել Աստուծոյ արքայութիւնը։
Առաջնորդը ըսաւ. «Մենք ամէն օր Տէրունական աղօթքին մէջ կ՛ըսենք. «Եղիցին կամք Քո, որպէս յերկինս եւ յերկրի», եւ Տիրոջ կամքը կը խնդրենք. եթէ երբեք Աստուծոյ կամքին ապաւինինք, եթէ երբեք Աստուծոյ աչքին հարստանալու մեր ճիգին մէջ մենք զիրար գերազանցենք, ապա նիւթական բարիքները Աստուծոյ կողմէ մեզ կ՛ողողեն, եւ արդարօրէն հանգստաւէտ կեանք ու պայմաններ կ՛ունենանք։ Ինչպէ՞ս կը հարստանանք մեր վայելած բարիքներէն, եթէ ոչ մեր վայելած շնորհքներէն բաժին հանելով մեր նմաններուն: Մենք ունինք այնպիսի նուիրեալ հաւատացեալներ, որոնք իրենց արդար վաստակէն բաժին կը հանեն Աստուծոյ, եկեղեցւոյ եւ մեր ազգին: Վկայ՝ այս եկեղեցւոյ շինութիւնը, վկայ՝ այս եկեղեցւոյ համար եղած բարերարութիւնները, վկայ նաեւ՝ մեր թեմական կեանքին, ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ մեր ունեցած բոլոր իրագործումները… Այս իմաստով զիրար գերազանցենք, մեր կեանքը արժեւորենք, եւ այն ատեն վստահաբար պիտի կարենանք ըսել՝ «Մենք կը խնդրենք Աստուծոյ արքայութիւնը. մնացեալը Աստուած աւելիով պիտի տայ մեզի»»։
Աւարտին, սրբազանը շնորհաւորեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու հոգաբարձութիւնը, երեսփոխանները, տիկնանց միութիւնը, եկեղեցւոյ բարերարներն ու բոլոր նուիրեալ սպասարկողները։
Եկեղեցական հոգեպարար արարողութեան աւարտին, «Անտոն Անտոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ տիկնանց միութեան կողմէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.