ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմէնիաՆաու».– Հայաստանի գլխաւոր դրամատունը նոր մօտեցում որդեգրած է՝ երկրի արժոյթի շուկային մէջ ստեղծուած իրավիճակը կարգաւորելու ու վերջին շաբաթներուն ծագած փոխարժէքի տատանումները հարթելու համար:
Սակարկութիւններու միջոցով արտարժոյթի՝ 8 Դեկտեմբերէն սկսող ամէնօրեայ վաճառքները, ըստ Կեդրոնական դրամատան, պիտի օգնեն վերականգնելու Հայաստանի արտարժութային շուկային հաւասարակշռութիւնը:
«Ֆինանսական շուկայում թափանցիկութեան ապահովման նպատակով Կենտրոնական բանկն օրական կտրուածքով հրապարակելու է իր կողմից իրականացուող սակարկութիւնների արդիւնքների վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը։ Կենտրոնական բանկը միաժամանակ, փորձելու է իր ազդեցութիւնը Հայաստանի դրամի փոխարժէքի ձեւաւորման վրայ նուազեցնել՝ մինչեւ տարեվերջ փուլային նուազեցնելով նախատեսուող օրական միջամտութեան ծաւալները՝ հասնելով հայկական արժոյթի հաւասարակշիռ մակարդակի ձեւաւորմանը», նշուած է 8 Դեկտեմբերին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։
7 Դեկտեմբերի երեկոյեան Հայաստանի նորանշանակ փոխվարչապետ, ելեւմուտքի նախկին նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան «Ռե-ւոլիւցիա» հաղորդաշարին ընթացքին անգամ մը եւս շեշտած է, որ դրամի արժեզրկումը պայմանաւորուած է արտաքին գործօններով, մասնաւորապէս՝ ռուսական ռուբլիի արժեզրկմամբ:
Ըստ փոխվարչապետին՝ «Հայաստանում դոլարացման մակարդակը 30 տոկոս է, ու այս ցուցանիշը չէր կարող դոլարի ներքին այնպիսի պահանջարկ ստեղծել, որ դրամն այսքան թուլանար»:
Հայաստանի Դրամատուներու միութեան նախագահ Սամուէլ Ճզմաչեան «Ազատութիւն» կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ 20 Դեկտեմբերէն ետք դրամին արժէքը կը ճշդուի եւ կայուն կը դառնայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.