
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».– 6 Դեկտեմբերին Արցախի Ասկերան քաղաքին մէջ 10 անդամներով հիմնուեցաւ ՀՕՄի մասնաճիւղ:
Ողջունելով կազմակերպութեան նոր անդամները՝ ՀՕՄի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Արմինէ Յարութիւնեան նշած է, որ արդէն շուրջ երկու տասնամեակ է, որ ՀՕՄը կը գործէ Արցախի մէջ եւ կ՛իրականացնէ տարբեր ծրագիրներ: Ան յոյս յայտնած է, որ Ասկերանի մասնաճիւղը նոյնպէս աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ քաղաքին մէջ եւ իր ներդրումը ունենայ քաղաքին մէջ ընկերային, կրթական տարբեր ծրագիրներ իրականացնելու գործին մէջ:
Միջոցառման ներկայ էին ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեսեա Բեջանեանը, ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան անդամ Դիանա Յովսէփեանը, Ասկերանի քաղաքապետ, Արցախի ՀՅԴի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ալէոշա Գաբրիէլեանը, ՀՕՄի Արցախի Մեկուսի վարչութեան անդամներ:
Երդման արարողութենէն ետք ընտրուած է ՀՕՄի Արցախի Ասկերանի մասնաճիւղի վարչութիւնը: