ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ քարիւղի գիներուն սուր անկումը պիտի չազդէ Ատրպէյճանի բնակչութեան վրայ, որովհետեւ՝ «մենք հզօր տնտեսական հիմքեր ունինք»: Ան նաեւ ընդգծած է, որ ազգային դրամանիշին՝ մանաթին, փոխարժէքը կայուն կը մնայ: «Ատիկա թերեւս այնքա՛ն ալ դրական հանգամանք չէ մեր արտածման կարողականութեան համար», ընդգծած է Ալիեւ: Ատրպէյճանի նախագահը նաեւ պնդած է, որ իր երկիրը կ՛իրականացնէ անկախ քաղաքականութիւն: «Ոչ մէկ օտար ուժ կրնայ մեր կամքին վրայ ազդել: Մենք ոչինչ կ՛ընենք եւ ոչինչ պիտի ընենք՝ մէկու մը թելադրանքով», յայտարարած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.