ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսական «Ֆիկարօ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եւրոխորհրդարանի երեսփոխան եւ Ֆրանսայի Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փեն յայտարարած է, թէ Ֆրանսան Եւրոմիութենէն դուրս բերելու շուրջ հանրաքուէ պիտի կատարուի, եթէ 2017ի նախագահական ընտրութեան ընթացքին կարենայ յաղթանակ արձանագրել: Ան այդ մէկը խոստացած է կատարել ընտրուելէն վեց ամիս ետք միայն։
Լը Փեն նշած է, որ նախագահի պաշտօնէն պիտի հրաժարի, եթէ ֆրանսացիները դէմ քուէարկեն Եւրոմիութեան կազմէն դուրս գալու առաջարկին: «Կը փափաքիմ անոնց յստակ ըսել, որ ոչինչ կրնայ փոխուիլ, եթէ մենք չվերադարձնենք մեր ճակատագիրի տէրը ըլլալու ազատութիւնը», ըսած է Լը Փեն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.