ՊԱՂՏԱՏ.- «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Իրաքի Անպար նահանգի Պաղտատի շրջանի վարչակազմի ղեկավարը, Իրաքի կառավարութեան կոչ ուղղած է անյապաղ դիմելու Միացեալ Նահանգներուն՝ ցամաքային զինուորական գործողութեան սկսելու խնդրանքով, որպէսզի կարելի ըլլայ «Իսլամական պետութիւն» կոչուած ահաբեկչական կազմակերպութեան գրաւած տարածքները ազատագրել: «Որեւէ այլ կարելիութիւն չկայ Անպարն ու այլ շրջանները ազատագրելու՝ բացի Միացեալ Նահանգներու կամ այլ օտարերկրեայ զօրքերու կողմէ ցամաքային գործողութենէ մը: Այդ երկիրները ունին ահաբեկիչներու դէմ պայքարի փորձ եւ այնպիսի զէնքեր, զորս չունին իրաքցի զինուորները», յայտարարած է ան: Օպէյտիի համաձայն՝ «Իսլամական պետութեան» հակակշիռին տակ գտնուող ահաբեկչական զէնքերը Իրաքի բանակին ունեցած զէնքերէն աւելի՛ որակաւոր են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.