ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Լոս Անճելըս Թայմզ».- Ուսումնասիրութիւններու «Փիու» հիմնարկին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն՝ Միացեալ Նահանգներու սպիտակամորթներուն եւ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն միջեւ տնտեսական վիհը շարունակած է խորանալ։
Արդարեւ, սպիտակամորթ ընտանիքներու միջին հարստութիւնը գրեթէ 13 անգամն է սեւամորթ ընտանիքներու միջին հարստութեան, ինչ որ ամենամեծ տարբերութիւնն է 1989էն ի վեր։
Միւս կողմէ, սպիտակամորթ ընտանիքներու միջին հարստութիւնը 10 անգամ աւելի է սպանախօս ընտանիքի մը հարստութենէն։
Նշենք, որ 2010էն ի վեր, սեւամորթ ընտանիքներու հարստութիւնը միջին հաշիւով 34 տոկոսով անկում կրած է, իսկ սպանախօսներու պարագային՝ 14.3 տոկոսով, մինչ սպիտակամորթներունը աճած է 2.4 տոկոսվ։
Նաեւ, 2010էն ի վեր, բնակարանի սեփականատիրութեան համեմատութիւնը 75.3էն 73.9 տոկոսի իջած է սպիտակամորթներուն մօտ, մինչ փոքրամասնութեանց մօտ այդ անկումը 50.6էն 47.4 եղած է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.