
«124 Տարի Միտքի, Կամքի եւ Խիղճի Երթ» բնաբանով, Չորեքշաբթի, 17 Դեկտեմբերի երեկոյեան Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 124ամեակի ժողովրդային հաւաքը, ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի, ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսին, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, Հալէպի հոգեւոր պետերուն, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, Ազգային վարչութեան, ազգային, մարզական, մշակութային եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հալէպահայերու հոծ բազմութեան:
Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներուն յաջորդեց օրուան խորհուրդը ներկայացնող հայերէն բացման խօսքը Զարմիկ Պօղիկեանի կողմէ, որ Դաշնակցութեան օրը որպէս հաշուեյարդարի օր նկատեց եւ բացուած յայտարարեց օրուան հանդիսութիւնը, ապա արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ճորճ Պապեան, որմէ ետք յեղափոխաշունչ երեք երգերով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Յարութ Ալապոզանեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի:
Ապա ներկաները հետեւեցան տեսաերիզի մը՝ «ՀՅԴ պատմութիւնն ու անոր ներդրումը սուրիահայութեան եւ յատկապէս հալէպահայութեան կեանքին մէջ» խորագիրով:
Գեղարուեստական յայտագիրին նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին Նշան Փափազեան եւ Ռուզան Պարսումեան՝ նուագով, Գէորգ Շահինեան եւ Նանօր Մինասեան՝ ասմունքով եւ Յովիկ Գլընճեան մեներգով:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը, որ Հայաստանի քաղաքական ներկայ անցուդարձերուն շուրջ ընդհանուր ակնարկ մը ներկայացնելէ ետք կոչ ուղղեց սուրիահայերուն գօտեպնդուելու եւ տոկալու բոլոր դժուարութեանց:
Օրուան հանդիսավարներ Վարդենի Խուտեցեան եւ Յարութ Տէկիրմէնճեան հերթաբար ներկայացուցին ստացուած շնորհաւորագիրները:
Աւարտին, թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան իր սրտի խօսքին մէջ հանգամանօրէն մարմնաւորեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը՝ ըսելով, որ միտքի, կամքի եւ խիղճի տէր կուսակցութիւն ըլլալ կը նշանակէ ըլլալ ամբողջական, որ ժողովուրդի ծոցէն ծնած ու ժողովուրդի ամբողջական իղձերը դրսեւորողը եղաւ 124 տարիներ շարունակ, ապա մատնանշեց, որ 124րդ տարեդարձը լրջանալու, ինքնաքննութեան, հաշուեքննութեան եւ ինքնասրբագրման լաւագոյն պահն է, ուր մեր յուսադրող կամքը, նուիրական ծառայութիւնը հարկ է կենսունակօրէն գործի վերածել ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար:
Հուսկ, սրբազանը կոչ ուղղեց փոխակերպուելու՝ հոգեպէս, մտային մեր ներաշխարհով եւ յատկապէս մեր կեցուածքներով, կերտելու նորանոր նուաճումներ:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Մշակ Բանուոր» քայլերգով:
124 tari yev vochinch !