Կիրակի, Դեկտեմբեր 14ին հայկական պատարագ մատուցուեցաւ Չինաստանի Քուանկճու քաղաքին մէջ:
Պատարագին ներկայ էին Չինաստանի տարբեր քաղաքներու՝ Քուանկճոուի, Հոնկ Քոնկի, Նանճինկի, Շէնժէն եւ Շանհայի հայեր:
Պատարագը մատուցեց Հնդկաստանի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի հայրապետական պատուիրակ, Աւստրալիոյ եւ Նիւ Զելանտայի հայոց թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեան:
Կարեւոր է նշել, որ Չինաստանի մէջ վերջին անգամ հայկական պատարագ մատուցուած էր տասնամեակներ առաջ Հարպինի հայկական եկեղեցւոյ մէջ:
Չինաստանի ու Հոնկ Քոնկի հայկական համայնքը կը շարունակէ իր աշխոյժ գործունէութիւնը՝ նպաստելով հեռաւոր Արեւելքի մէջ հայապահպանման գործին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.