
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հալէպ եւ Տիթրոյիթ: Մէկը՝ ծննդավայրս, իսկ միւսն ալ՝ լիբանանեան ներքին պատերազմէն խոյս տուողներուս ապաստարանը: Մէկը միւսէն տարբեր, սակայն միաժամանակ գեղեցիկ եւ նոյնօրինակ զուգահեռ գիծով շրջանակուած: Որովհետեւ կար ժամանակ, երբ ես ալ այս երկու քաղաքներէն ներս հայերէն լեզուի ուսուցիչ էի, երբեմն խիստ, երբեմն ալ բիրտ, պահանջկոտ եւ սակայն կատակասէր, որ կը փորձէր իր դասապահերուն հայ լեզուն եւ իր մշակոյթը փոխանցել իր աշակերտներուն եւ միշտ կրկնած էր, թէ հայ լեզուն, հայ վարժարանն ու հայ գիրքը մեր ժողովուրդին ապրելու եւ գոյատեւելու աւիշներէն էին եւ մեր գոյութեան եւ ինքնութեան կռուանը:
Այս բոլորը յանկարծ կը յիշեմ:
Թերեւս անոր համար է որ հիմա մարմաջ մը կայ այս բառերուս ետին, վերյիշումի փրփուրներով լեցուն:
Ահա կենսագրութիւն մը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ մարդուս դիմանկարը, անոր ապրած կեանքի ճանապարհը, իր բոլոր գոյներով, ելեւէջներով, հնաւորութիւններով, ուրախութիւննրով ու տխրութիւններով եւ զանազան վերիվայրումներով: Կը կարծեմ, որ իմ տարիքի մարդիկ նման յիշողութեամբ կ՛ապրին:
Արդէն յուշեր ունենալ կը նշանակէ՝ ապրուած կեանք մը, աւելին, անցեալ մը կայ եւ այդ անցեալը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ անբաժան մասնիկը նոյն այդ մարդու կեանքին:
Շուրջիններս կը կարծէին, թէ այդ անցեալս արդէն մոռցուած էր, այրուած անպէտք թուղթի նման:
Չերկարեմ:
Տիթրոյիթ եմ կրկին, եւ այս մէկը Հալէպս չէ: Յստակ է, որ այս երեկոյի նախկին աշակերտներէս Արա Թէլպէլեանի բնակարանը այցելութիւնս, զիս նախկինը՝ Հալէպի մէջ ծրագրուածը կը յիշեցնէր: Հոն ալ, տարիներ առաջ, երբ կրկին անգամ կ՛այցելէի, տակաւին հոն ապրող երախտագէտ աշակերտուհիներէս Պերճուկն ու Զապէլը, Հալէպ իմ ներկայութենէս օգտուելով, իրենց դասընկերուհիներով անմոռանալի հաւաք, խրախճանք-երեկոյ մը կազմակերպած էին ինծի համար:
Ու հիմա, այս երեկոն, նոյնը նաեւ հոս:
Զարմանալի է կեանքը: Մանուկի մը նման անհամբեր սպասած էի Արային ամիսներ առաջ ծրագրած այս նախաձեռնութեան, մէկ խօսքով՝ այս հաւաք-հանդիպման: Գիտէի, որ վերստին պիտի բացուէին կեանքիս որոշ հանգրուանի մը պատմութեան էջերը: Աշխարհի չափ ուրախ էի: Մտածումներս եւ յուշերս խառնաշփոթ հաւաքուած էին միտքիս մէջ: Ձեւով մը նաեւ կը զգայի, որ անցեալի երջանիկ օրերս, որոնք սահած էին երանութեան գիրկը, հիմա հաստատ վերադարձած ըլլալու էին ու իրենց հետ ինծի պիտի բերէին կրկին անգամ հաճելի ու նոր մտերմութիւններ:
Նման ապրումներու խորհուրդս շալկած ներս մտայ:
– Պարոնը եկաւ, «թիչըր իզ հիր», ուսուցիչը հոս է: Աղմուկը ալեկոծեց սրահը եւ ապա՝ լռութիւն: Վայրկեանին անգիտակցաբար կը զգայի, որ տարբեր դարերու հանդիսատես մը դարձած էի արդէն:
Հին ու մոռցուած անուններ, դէմքեր, դասատու, տնօրէն, որոնք բոլորը եկած ու հաւաքուած էին զիս տեսնելու, արդէն մէջս յիշատակներու նոր ալիքներ ստեղծած էին:
Նախ ակնթարթ մը զինաթափ կեցած կեանքիս այս մեծ անակնկալին առջեւ՝ մեծ դժուարութեամբ փորձեցի յուշերս ամփոփել:
Այս մէկը՝ Արային մայրը՝ անձնուէր ՀՕՄուհի Սիրվարդն ու իր ամուսինը, քոյրը՝ Թամարը, ապա Արային ազնիւ կինը՝ Ալենուշը: Քիչ մը անդին, ժպիտը անպակաս Հայկը, Արտան՝ իրենց մօր հետ, Ռաֆֆին եւ Թալինը, Սիլվան եւ Արան, Տիգրանն ու Նազօն: Յիշողութիւնս ինքզինք գտած է արդէն: Սիւզին, տնօրէն Վարդեան, ուսուցչուհիներ Տայանն ու Մարկրիթը, իսկ անդին՝ Աշխէնը ու Սագօն, Ռոզին, եւ տակաւին շատ ուրիշներ:
Բոլորն ալ մաքուր հագուած: Ամէն բան երազային: Հայու հոգին յիշատակ է կ՛ըսեմ, տեսակ մը սրբութիւն: Ու կարծես երիտասարդացած եմ: Զսպուած յուզումով հարց կու տամ բոլորին: Ինչպէս են, ինչ կ՛ընեն, ուր հասած են, զաւակ, ծնողք:
Միտքս կարծես իր հոգեդարձը կ՛ապրէր:
Այս մեծ հիւրանոցին մէջ, հաւաքական ապրում մը ծնած էր: Մէկ խօսքով, ոգեւորութիւն եւ դասարանային համակրելի մթնոլորտ: Ծաղկեալ եւ կենդանի վիճակ:
– «Տու եու ռիմեմպըր, թիչըր», կը յիշե՞ս, ուսուցիչ, վերջին անգամ վրաս բարկացար «պիքօզ» դասարանին մէջ հայերէն չէի խօսեր:
– Օհ, «հայ, թիչըր», ես Մայքըլն եմ, եըր էնտ բրոկրամին, ես կօշկակարի «աքթ» ըրի, «այ ռիմեմպըր, Ակոբ Պարոնեան ուազ տը աութըր»:
– Տղաներդ ինչ եղան, տէտէ եղա՞ր, «կրանտ չայլտ» ունի՞ս. քանի՞ հատ. իմ աղջիկը Ան Արպըրի եունիվըրսըթին կ՛երթայ:
– «Անըսթլի», պարոն Պետիկեան, «այ թօթ, եուր նէյմ ուազ պարոն»:
Բոլոր աշակերտներս իրենց կիներուն կամ ամուսիններուն ներկայութեան ինծի հետ այսպէս քաղցր, յաճախ մեծ ճիգով հայերէնով եւ ազնիւ բառերով խօսեցան ու յաճախ ալ փսփսացին: Բոլորն ալ կարծես եկած էին հաղորդուելու ներաշխարհիս հետ: Բոլորին հետ կարծես ես ինծի հանդիպած էի: Նախկին աշակերտներս եկած էին եօթանասունական թուականներու վերջին կէսին, հայերէն լեզուի իրենց վաղեմի ուսուցիչը երախտագիտութեամբ յիշելու:
Անոր համար ալ բոլորին հպարտօրէն կ՛ըսէի, թէ տակաւին հայոց լեզուին պարզ աշակերտն եմ: Ինչ ուրախութիւն:
Այդ երեկոյեան իւրաքանչիւր բառ, խօսք, ակնարկ, նախադասութիւն կամ դրուագ մինչեւ այսօր տակաւին իր հարազատ արձագանգը ձգած է ականջիս մէջ:
Մէկ խօսքով, միտքերու պատկերաւոր ժխոռ:
Միջոցին, առատօրէն ու աւանդապահօրէն հիւրասիրուեցանք: Կերանք, խօսեցանք, խմեցինք, յիշեցինք, յուզուեցանք ու միասնաբար յաճախ կենացներ փոխանակեցինք:
Երբեմն, կամքէ անկախ, նստած տեղս ամբողջ վայրկեաններ խորասուզուեցայ մտածումներուս եւ երազանքիս մէջ: Յաճախ անխօս փորձեցի մէկ առ մէկ դիտել բոլորը: Ու անկեղծօրէն երբեմն տառապեցայ, ընկճուեցայ, տեսակ մը ներքին փլուզում մը ապրեցայ ու ինքնաբերաբար հոգեկան մխիթարութիւն մը փնտռեցի:
Յիշողութեան վերապրումները իրապէս որ մարդոց կը դարձնեն աւելի թոյլ: Կը հաւատամ՝ ան որ կրնայ իր իւրաքանչիւր ակնթարթը լեցնել խոր բովանդակութեամբ, արդէն անսահմանօրէն իր կեանքը երկարած կ՛ըլլայ:
Շանթահար այս իրականութեան մէջ, ես ինծի հետ եմ, լաւ եմ: Եկած էի էութեանս շեմին կանգնելու: Ամէն պահ խրախճանք էր:
Խոր զգացում մը գրաւած էր զիս: Զգալի էր, որ ներկաները ունէին երկու կեանք, երկուքն ալ հակասական զգացումներով, սակայն եւ այնպէս հայութիւնը իրենց երակներուն մէջ արիւն էր:
Բոլորն ալ կանգնած էին մեր պատմութեան ճեղքուած ճամբուն վրայ, վարակիչ ապրումներով: Հայ կեանքի հեգնանք: Սիրտ մաշեցնող:
Լռութեամբ կը կարդամ այս բոլորը: Ամէն ինչ տեսարան է: Բարդ զգացում: Իբրեւ ուսուցիչ, վարժ եմ այս իրավիճակին:
Աւարտին, ցայտուն սրտով ու ամպոտած աչքերով հեռացայ բոլորէն: Փորձեցի վերադառնալ կեանքիս հոգերուն, սիրտէս փրթած անկեղծ գնահատանքներէ եւ երախտագիտական զգացումներէ ու խօսքերէ ետք:
Եկած էի յուշերս գտնելու ու ապրելու նոր հայութեան եւ նոր ժամանակներու ամերիկահայ երիտասարդ ժառանգորդներուն մէջէն:
Ուստի, կրկին ու կրկին ձեր կենացը, սիրելի աշակերտներ: