ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական երկու աթոռներու՝ Հայկական Երուսաղէմի եւ Էջմիածինի միջեւ սկսած ու շարունակուող անհամ վէճին ու փոխադարձ պախարակումներուն ծանր մթնոլորտը կը ծանրացնէ նաեւ գրիչը՝ դժուարացնելով խառն մտածումներ դասաւորելու եւ զանոնք գիրի վերածելու փորձ մը:
Համացանցի վրայ փոխադարձ ամբաստանութիւններու թէ զրպարտութիւններու ըստ ամենայնի դատապարտելի համազարկին մէջ, թերեւս դոյզն մխիթարականը այն է, որ առաջին օրէն մամուլն ու յօդուածագիրներ ընդհանրապէս կը ցուցաբերեն զգուշաւորութիւն, կը մնան դիտողի դերին մէջ, կը խուսափին ի նպաստ մէկ կամ միւս կողմին դիրքորոշում բացայայտելէ: Կարճ՝ շահաւոր ոչինչ կը տեսնեն ճակատ բանալու մէջ: Բնազդային խոհեմութեամբ գոյացած այս լռութիւնը անուղղակի պատգամ մըն է, նախ՝ պատրիարքին ու Ամենայն Հայոցին, որ վերջ տան իրենց իսկ վարկն ու հեղինակութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող բանակռիւին, միաժամանակ պատգամ է առհասարակ հայ կղերին, որ օրինակուին աշխարհականներու լռութենէն. առաւել՝ խնդիրը սահմանափակեն եկեղեցական շրջանակի մէջ եւ այդ շրջանակին մէջ ալ հարթեն, կանխելու համար անախորժ հետեւանքներու հաւանականութիւնը:
Մեր խառն մտածումները՝ ահաւասիկ խտացած երեք կէտերու մէջ.
1.- Թերեւս միակ հաստատութիւնն է եկեղեցին, որուն բարձրագոյն պաշտօններուն վրայ գտնուողները յատկապէս, կաթողիկոս, պատրիարք, նոյնացուած են իրենց աթոռին ու հանգամանքին հետ, թէ՛ գործնապէս եւ թէ հաւատացեալներու մտայնութեանց մէջ: Ահա թէ ինչու գրութեանս ենթախորագիրով «Երուսաղէմ»ի եւ «Էջմիածին»ի վերագրեցինք շարունակուող վէճը, գիտնալով հանդերձ, որ անիկա հետեւանք է անձ-պատրիարքի եւ անձ-Ամենայն Հայոցի վատ յարաբերութիւններուն: Սա կը նշանակէ, թէ անոնք երբ զիրար կը վարկաբեկեն, փոխներգործութեան անյեղլի օրէնքով միաժամանակ վարկաբեկած կ՛ըլլան եկեղեցի հաստատութիւնն ու իրենց իսկ հանգամանքը: Որով՝ զգո՜յշ. անձն ու հանգամանքը նոյնացած տեսնելու հաւատացեալին մտայնութիւնը սանձարձակութեան իրաւունք չի տար ոեւէ եկեղեցականի, մանաւանդ անոր հանգամանաւորին: Ընդհակառակը: Որքան բարձր դիրք, այնքան աւելի զգաստութիւն, այլապէս հոգիներու մէջ կը փլին եկեղեցիին ոգեղէն հաստատութիւնն ու խորհրդանիշերը: Հաւատացեալին համբերութիւնն ու անոր հնազանդութեան սահմանն ալ վերջ մը կ՛ունենան հարկաւ: Չմոռնանք նաեւ, որ աշխարհականներուն ակնածանքը եկեղեցականին հանդէպ չի բխիր Աստուծոյ եւ իրենց միջեւ անոր տրուած միջնորդի դերէն միայն, այլ գերազանցապէս անիկա արդիւնք է դարերու երկայնքին «քաջ հովիւներու» վարքին ու ժողովրդանուէր ծառայութեանց վաստակին:
2.- Կազմակերպական ու վարչարարական կառոյց ունեցող հաստատութիւններու ամէնէն տիպարներուն մէջն իսկ, որոնց մօտ փոխյարաբերութեանց եւ վերաբերումի բարդ խնդիրները ամենայն ներդաշնակութեամբ կարգաւորուած ըլլալով հանդերձ, անպակաս են ու պիտի շարունակեն ըլլալ տարակարծութիւններ ու անհամաձայնութիւններ: «Մարդ գործօն»ը մտածող ու հակազդող իր էութէամբ միշտ ալ պատճառներ կ՛ունենայ իր առարկութիւններուն համար: Սակայն թոյլ չի տրուիր, առարկողները իրե՛նք կը զգուշանան, որ հաստատութեան իսկ վերելքին ի խնդիր իրենց յարուցած առարկութիւնները որեւէ պարագայի վնաս չպատճառեն անոր:
Եկեղեցին, կրօնական հաստատութիւն մը ըլլալէ առաջ ու ետք, ամուր կազմակերպութիւն մըն է, որ կ՛ենթադրէ նաեւ կարգապահական կառուցուածք ու աստիճանակարգ եւ որուն հիմերը հաստատուած են բարոյական սկզբունքներու եւ աւանդաբար ժառանգուած խորհուրդներու ու ըմբռնումներու վրայ: Խախտեցա՞ն այդ սկզբունքները, անտեսուեցա՞ն ըմբռնումներն ու կառուցուածքը, կը խախտին նաեւ հաստատութեան հիմերն ու հեղինակութիւնը, մանաւանդ համաշխարհայնացման ներկայ օրերուն մէջ, ուր վեհապետողը համացանցն է եւ որուն առջեւ անհպելի ու չտապալող հեղինակութիւն չկայ: Այս ըսուածին հաստատումը կը կազմէ արդէն նշուած ու անոնց յարակից գրութիւններուն պատճառած հոգեբեկումը:
Ըստ մեզի՝ Երուսաղէմ-Էջմիածին յարաբերութիւններուն լարուած ռումբը քակելու նախաձեռնութիւնը սպասելի էր Ամենայն Հայոցէն: Կ՛ակնկալուէր, որ նախ՝ Ֆրանսայի նախորդ առաջնորդին, ապա՝ պատրիարքին դիմաց հակակշռէր ան իր զգացումները եւ հայրապետական բարի տրամադրութեամբ մը ներողամիտ ու ողոքող ոճ կիրարկէր անոնց «մոլորութիւններուն» նկատմամբ, եթէ իրապէս զրպարտիչի մոլորութեան մէջ էին անոնք: Սակայն ինչ ըրած, որ Ամենայն Հայոցը որդեգրեց կաթողիկոսական հանգամանքի տարօրինակօրէն ինքնապարտադիր եղանակը, ինչ որ պատճառ դարձաւ նոր մոլորութիւններու տարածումին եւ համացանցի օգտագործումին:
Սորվող սկսնակին կը բացատրուի, որ համակարգիչը սքանչելի ուղեղ է, բայց մտածել չի կրնար: Կը բացատրուի նաեւ, որ սահման չճանչցող իր հնարաւորութիւններով անիկա ահեղ ուժ է, եւ ինչպէս ամէն ուժ, կարելի է զայն գործածել բարի ու օգտակար կամ չար ու վնասակար նպատակի: Որով, համակարգիչը օգտագործողին պարտքն է մտածել, օգտուելու համար անոր ընձեռած բարիքէն, վանելով չարն ու վնասակարը: Այնպէս կը թուի սակայն, որ առօրեայի հեւքը եւ անյետաձգելի մտմտուքներ յաճախ մոռցնել կու տան մեզի տարրականն ու… Աւետարանի խրատները:
Պատրիարքին իբրեւ հակադարձութիւն, եթէ ոչ թելադրանքովը բայց անպայման Ամենայն Հայոցին գիտութեամբը կարգ մը կրօնաւորներու հրապարակած գրութիւնները փոխադարձ պախարակումներէ անդին, կը վնասեն հայ եկեղեցիին: Ընդվզումի վրայ առնուած հապճեպ նախաձեռնութիւնները լուծում չեն տուած նոյնիսկ պարզագոյն խնդիրներու, ալ ուր մնաց, որ համացանցային քինախնդիր ոճին յոյս կապուի պատրիարք-կաթողիկոս բարդ ու խոտոր վէճի մը հարթումին համար: Ի՞նչ իմաստ ունին այդ գրութիւնները: Հոգեբեկում պատճառելէ ետք, անոնք պարզապէս ցոյց կու տան… հաւատացեալները ապշեցնելու ժխտական «կարողութիւն» մը միայն… Ո՛չ աւելին:
3.- Անթիլիաս-Էջմիածին տարակարծութեանց ամէնէն սուր ու տագնապալի օրերուն իսկ, հայ եկեղեցւոյ ղեկավարները պայքարը սահմանափակուած պահեցին վարչական իրաւասութեանց խնդիրներու մէջ: Խոհեմութիւնն ունեցան չառնելու նախաձեռնութիւններ, որոնք կրնային դաւանական հարցերու դուռ բանալ եւ հայ եկեղեցիի մէկութիւնը խնդրական դարձնել:
Երկու կաթողիկոսներու որոշումով կազմակերպուած եպիսկոպոսական ժողովները խափանելու, պոյքոթի ենթարկելու պատրիարքին կեցուածքը առնուազն անհասկնալի է եւ ցոյց կու տայ որոշ արհամարհանք՝ կաթողիկոսներուն ու ժողովական եպիսկոպոսներու ամբողջին նկատմամբ: Ուրեմն ի՞նչ: Պիտի մերժէ՞ ու պոյքոթէ՞ նաեւ անոնց որոշումները: Հարցումն իսկ ահաւոր կը հնչէ արդէն:
Յաջորդական այդ ժողովները լաւագոյն առիթ էին ու յարմարագոյն միջավայրը, շա՜տ աւելի յարմար, քան համացանցը, ուր պատրիարքը կրնար ներկայ ըլլալ եւ Ամենայն Հայոցի խոտորումներուն վերաբերող իր դրած խնդիրները քաջաբար պարզել հոն եւ պահանջել, որ հարթուին անոնք: Չըրաւ: Բայց «քաջութիւն»ը ունեցաւ համացանցի վրայ դնելու պախարակումներու ծրար մը՝ յայտնի չէ, թէ ի՞նչ ակնկալիքով: Միջնորդութի՞ւն արդեօք, թէ կը կարծուի անով արդարացում գտած ըլլալ «յանդուգն» նոր «նախաձեռնութեանց» համար…
Կը յուսանք ու կը մաղթենք, որ ակնկալութիւնը առաջինը եղած ըլլայ, միջնորդութիւնը, որուն համար միակ հասցէ մը կու գայ մեր գրիչին. իր յանդուգն նախաձեռնութիւններով եւ քէնոտած օտար աթոռակալներ իսկ հաշտեցնելու փորձառութեամբ համբաւեալ վեհափառին անունը, Արամ Ա. կաթողիկոսը: Նախաձեռնելու ինչո՞ւ կ՛ուշանայ արդեօք:
Մեր անձը երբեք պիտի չուզէր այս մասին արտայայտուիլ, ատիկա նկատելով եկեղեցական միջավայրի մէջ քննուելիք-հարթուելիք խնդիր: Սակայն դժբախտաբար, փոխանակ հարթուելու, այդ միջավայրին մէջ հետզհետէ աւելի սուր ու մտահոգիչ կը դառնայ վէճը, որուն դիմաց դժուար եղաւ լուռ մնալը: