ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կը հաղորդէ, որ «Կեզի» հանրապարտէզի ցոյցերուն ընթացքին ոստիկանի մը կրակոցէն մահացած անչափահաս Պերքայ Էլուինի յիշատակի արարողութիւններուն մասնակցած թուրք ակադեմական Էլիֆհան Քէօսէ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը «վիրաւորելու» յանցանքով դատապարտուած է մէկ տարուան բանտարկութեան: Դատարանին ներկայացուցած ամբաստանագիրին մէջ կը նշուի, որ Քէօսէ Էրտողանը «գող» անուանած է: Քէօսէ հերքած է մեղադրանքները՝ խոստանալով դատը հասցնել մինչեւ եւրոպական ատեաններ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.