ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներու համար յաճախ քննադատուող Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու մաղթեց, որ Եգիպտոսի մէջ օրէնքի երկրի յարիր կանոնները գործադրուին եւ ժողովուրդին կամքը իսկական կերպով արտացոլող քաղաքական հոլովոյթ մը որդեգրուի, որպէսզի կարելի ըլլայ Անգարա-Գահիրէ յարաբերութիւնները բարելաւել: Տաւութօղլու նշեց, որ իր երկիրը յեղաշրջումի ճամբով իշխանութիւն ստանձնող կառավարութիւնը օրինական չի նկատեր՝ աւելցնելով, որ իր կառավարութիւնը Եգիպտոսի եւ անոր ժողովուրդին հետ հարց չունի, այլ՝ «բռնարարքներ գործող կառավարութեան մը հետ»:
Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Անգարա կ՛ուզէ Գահիրէի հետ իր յարաբերութիւնները բարելաւել, սակայն Եգիպտոս պէտք է քայլեր որդեգրէ «մարդկային իրաւանց բռնաբարումներուն վերջ տալու համար»:
Ան վերահաստատեց Եգիպտոսի մէջ զանգուածային դատավարութեանց եւ ընդդիմութեան անդամներու դէմ արձակուած մահապատիժներուն նկատմամբ Անգարայի առարկութիւնը:
«Եթէ Գահիրէ վերջ տայ մարդկային իրաւանց բռնաբարումներուն ու բռնաճնշումին, անշուշտ Եգիպտոսի հետ մեր յարաբերութիւնները կը բարելաւենք», նշեց ան, ընդունելով, որ երկու կողմերուն միջեւ որոշ մակարդակի վրայ երկխօսութիւն հաստատելու համար կարգ մը նախաձեռնութիւններ գոյութիւն ունին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.