ՔԱՊՈՒԼ, «Էյ.Փի.».- Հակառակ այն իրողութեան, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա անցեալ շաբաթ յայտարարեց, որ Աֆղանիստանի մէջ իր երկրին ղեկավարած 13 տարիներու զինուորական գործողութիւնները աւարտած են, անոնց հետեւանքով իշխանութենէն հեռացուած «Թալեպան»ի ու Աֆղանիստանի ապահովական ուժերուն միջեւ բախումները կը շարունակուին:
Օպամա Հաուայի մէջ, ուր Ս. Ծննդեան արձակուրդը կ՛անցընէ, ամերիկացի զինուորներու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Ամբողջ 13 տարի անդադար պատերազմի կացութեան մէջ գտնուեցանք, եւ զինուորական արշաւը աֆղաններուն համար իրենց երկիրը վերակառուցելու առիթ ստեղծեց»:
Ըստ անոր՝ Աֆղանիստան «դադրեցաւ ահաբեկչական գործողութեանց աղբիւր մը ըլլալէ», ընդունելով, որ «տակաւին աշխարհի տարբեր շրջաններու, ներառեալ՝ Իրաքի մէջ, դժուար առաքելութիւններ գոյութիւն ունին»:
Նշենք, որ ՆԱԹՕի անդամ երկիրներէ մօտաւորապէս 13,500 զինուորներ, ներառեալ 11,000 ամերիկացիներ, Աֆղանիստան պիտի մնան տեղական զինուորական ուժերը մարզելու համար։
«Թալեպան» Ուաշինկթընի ղեկավարած զինուորական գործողութիւններու աւարտը ներկայացուց իբրեւ արեւմտեան ուժերու պարտութիւնը։
Նշենք, որ Աֆղանիստանի ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին ՆԱԹՕի անդամ երկիրներէ աւելի քան 3500 զինուորներ սպաննուած էին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.