ՍՈՒՐԱՊԱՅԱ, Ինտոնեզիա, «Էյ. Փի.».- 162 ճամբորդներ եւ անձնակազմ փոխադրող «ԷրԷյժա» օդանաւային ընկերութեան պատկանող եւ Ինտոնեզիայէն դէպի Սինկափուր թռիչք կատարող օդանաւու մը հետքը կորսուեցաւ Կիրակի, Դեկտեմբեր 28ին:
Թռիչքներու երթեւեկին հետեւողները օդանաւուն հետ կապը կորսնցուցած էին, երբ անիկա կը գտնուէր Սուրապայա քաղաքէն երկու ժամ հեռաւորութեան վրայ։
Կը հաղորդուի, որ անհետացումէն անմիջապէս առաջ օդաչուն խնդրած է աւելի բարձրէն թռիչք կատարելու արտօնութիւն, թանձր ամպերէն խուսափելու համար, սակայն դիմումը մերժուած է, օդային անցքին խճողուած ըլլալուն պատճառով։ Անմիջապէս օդանաւերով եւ նաւերով փնտռտուքներ ընթացք առած են: Ինտոնեզիոյ հաղորդակցութեանց նախարարութեան համաձայն՝ օդանաւը ինկած պէտք է ըլլայ Քալիմանթանի եւ Ճաւա կղզիին միջեւ գտնուող ծովուն մէջ։ Հետախուզութեան աշխատանքները կը շարունակուին Սինկափուրի, Աւստրալիոյ եւ Մալեզիոյ կառավարութիւններու համագործակցութեամբ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.