
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Յունուար 21ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Լոս Անճելըս գաւառի հանրային առողջապահութեան բաժանմունքի ներկայացուցիչ տոքթ. Ֆրենք Ալվարեզ պիտի ներկայացնէ հանրային առողջապահութեան նուիրուած աշխատանիստ մը, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ (222 East Harvard Street, Glendale, CA 91205):
Աշխատանիստը հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով պիտի ըլլայ, իսկ մուտքը՝ ազատ:
Սոյն աշխատանիստը չորրորդն է, որ կը նախաձեռնուի Կլենտէյլ քաղաքի Գրադարանի, արուեստներու եւ մշակոյթի բաժանմունքին կողմէ, «Յարատեւման հմտութիւն» ընդհանուր խորագիրին տակ:
Այս աշխատանիստին նպատակն է համայնքին առողջապահական ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխացնել՝ կեդրոնանալով յատկապէս հարբուխի եւ «Իպոլա» համաճարակի վերջին նորութեանց վրայ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել գրադարանի հայկական բաժանմունքի պատասխանատու Էլիզապէթ Գրիգորեանին՝ Egrigorian@GlendaleCA.Gov հասցէով կամ (818) 548-3288 թիւով: