17-21 Դեկտեմբեր թուականներուն Թուրքիոյ լողային մարզաձեւերու դաշնակցութեան Պոլսոյ «Թօզքոփարան» լողաւազանին մէջ կայացաւ կարճ տարածութեամբ Թուրքիոյ լողի ախոյենութեան մրցաշարքը, որուն մէջ մեծ յաջողութիւն ապահովեց Պոլսոյ Էսաեան վարժարանի աշակերտ Արիս Թիրեաքիեան։ Պատանի լողորդը, իր տարիքային խումբին մէջ 200 մեթր թիթեռնիկաձեւ եւ 1500 մեթր ազատ լողի մրցաձեւերուն մէջ Թուրքիոյ ախոյեան հռչակուեցաւ, 400 մեթր ազատ լողի մրցաձեւին մէջ՝ երկրորդ, իսկ 200 մեթր ազատ լողի մրցաձեւին երրորդ տեղը գրաւեց։
«Յայտնենք, որ համացանցի գրեթէ բոլոր ցանցերը լեցուն են Էսաեանցի Արիս Թիրեաքեանի արձանագրած յաջողութիւններով։ Կը շնորհաւորենք պատանի Արիսն ու կը մաղթենք, որ շարունակական ըլլան իր յաջողութիւնները», կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.