Համազգայինի «Կարկա»չ մանկապատանեկան երգչախումբը «Պէյրութի Երգեցողութիւններ»ու (Beirut Chants) նախաձեռնած հոգեւոր երաժշտութեան Պէյրութի 7րդ փառատօնի ծիրին մէջ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առիթով տօնական համերգ մը ներկայացուց Շաբաթ, 20 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Համերգին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբը: Խումբերու գեղարուեստական ղեկավարն ու խմբավարն էր Զաքար Քէշիշեան, իսկ դաշնակահարները՝ Լիանա Յարութիւնեան եւ Արեգ Տաղլեան:
Համերգին բարի գալուստի խօսքը փոխանցուեցաւ արաբերէնով։ Այս առիթով շնորհակալութեան խօսք ուղղուեցաւ Փոլա Եագուպեանին, որ հովանաւորեց համերգը եւ նեցուկ կանգնեցաւ անոր կայացման:
«Երգչախումբի փոքրիկ անդամները՝ ուրախ եւ աշխոյժ, գրաւելէ ետք իրենց տեղերը, Ամանորի ուրախ երգերով սկսան յայտագիրը: Հայերէն երգերուն զուգահեռ հնչեցին նաեւ արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն գեղեցիկ ու հետաքրքրական յօրինումներ եւ մշակումներ: Գեղեցիկ հնչեցին Զեքի Նասիֆի «Նայիլի ահլա Զահրա» եւ «Ռաժեհ ռաժեհ» երգերը: Ուշագրաւ էր նաեւ «Տը սաունտ աֆ միուզիք» երգին բարձրորակ կատարումը: Ս. Ծնունդի անգլերէն երգերու շարքով մը յայտագիրի առաջին բաժինը իր աւարտին հասաւ», կը նկարագրէ «Ազդակ»՝ աւելցնելով. «Փոքրիկներուն փայլուն դէմքերէն ճառագայթած նշոյլները ջերմացուցին իւրաքանչիւրի հոգին ու իրենց կարկաչուն ձայնով յաջողեցան բոլորին սիրտերը լեցնել սիրով ու բարութեամբ: Յայտագիրին երկրորդ բաժինով հանդէս եկաւ «Այգ» երիտասարդական երգչախումբը, որ ներկայացուց «Հայաստան» երգը: Հիանալի կատարումներ էին «Աւէ Մարիա»ն եւ «Ը Ֆրենչ Քարոլ Սուիթ» երգերը: Մեծապէս խանդավառեց «Ճինկըլ պելզ»ի կատարումը իր իւրայատուկ մշակմամբ: «Ուի ուիշ եու ը մերի քրիսմըս» երգով իր աւարտին հասաւ երկրորդ բաժինը:
Հանդիսականները հիանալի երգեցողութեամբ հրապուրուած էին, երբ փոքրերը իրենց ափերուն մէջ վառած մոմերով «Խորհուրդ մեծ» շարականի խորհրդաւոր երգեցողութեամբ եւ հանդիսաւոր մուտքով եկեղեցի մտան եւ միացան երիտասարդներուն, որոնք իրենց ձայները միացուցին փոքրերուն եւ բոլորին հաղորդեցին Քրիստոսի ծննդեան աւետիսը:
Երգչախումբերուն ոգեշունչ կատարումներով եւ հոգեպարար տրամադրութեամբ տեղի ունեցած համերգը աւարտեցաւ ներկաներուն բուռն ծափողջոյններով եւ ծաղկեփունջերու նուիրմամբ խմբավարին եւ դաշնակահարներուն»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.