Դեկտեմբեր 23ին Ախալքալաքի եւ Նինոծմինտայի երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոններուն մէջ տեղի ունեցան Ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկներ։ Ախալքալաքի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ Ցեղասպանութեան թեմայով դասախօսութիւն կարդաց կեդրոնի Հայոց պատմութեան խմբակի ուսուցիչ Վաչագան Ռստակեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ «Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ» վերնագիրով տեսանիւթի ցուցադրութիւնը:
Իսկ Նինոծմինդայի Երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ կայացաւ յուշ-ցերեկոյթ, որուն կարգախօսն էր «Յիշում Եւ Պահանջում Ենք»:
Ձեռնարկին մասնակցեցան կեդրոնի սաները, որոնք ներկայացան պարային կատարումներով:
«Ձեռնարկը ապացոյց էր, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ողբերգական էջերը, սպիացած վէրքերը, որքան ալ ժամանակ անցնի, միշտ ցաւ կը պատճառեն իւրաքանչիւր հայու հոգիին: Մեզմէ իւրաքանչիւրին պարտքն է մեր կորսնցուցած Էրգրի, 1,5 միլիոն անմեղ զոհերու համար արդար դատաստան պահանջել: Մեր ժողովուրդը դատապարտուած էր կորստեան միայն անոր համար, որ կը կոչուէր Հայ, եւ այսօր մենք պարտաւոր ենք պայքարելու՝ հասնելու մեր բաղձալի երազին ու տուն բերելու մեր ալեհեր Մասիսը: Յուսանք կու գայ օրը, եւ հայ ժողովուրդի հանդէպ գործած ոճրագործութիւնը կը դատապարտուի, եւ ամբողջ աշխարհը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալով՝ փոխհատուցում կը պահանջէ հայ ժողովուրդի կրած մեծ կորուստներուն համար Թուրքիայէն, որ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդն է», կը գրէ akhaltskha.net-ը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.