
«Եւ զգենուլ զնոր Մարդն որ ըստ Աստուծոյն հաստատեալ է արդարութեամբ եւ սրբութեամբ ճշմարտութեանն»: (Եփես. 4:24)
Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը երկու հազարամեակ շարունակ մարդուն կեանքը բարձրացուցած են նոր մակարդակի մը, հոգեւոր եւ բարոյական պատուանդանի մը վրայ, որ կ՛առաջնորդէ մարդս առ բարձրեալն Աստուած: Եթէ հաստատօրէն վճռենք վերափոխել մեր կեանքին ընթացքը՝ հաստատելով զայն Քրիստոս Աստուածորդու վրայ, անպայմանօրէն մեր էութեանը մէջ պիտի զգանք նոր մարդուն ծնունդը: Որովհետեւ, եթէ անհատին եւ հաւաքականութեան կեանքը մնայունօրէն պիտի չառաջնորդուի դէպի նոր մակարդակ, ապա մարդուն կեանքը չի կրնար ինքզինք գերազանցել եւ բարձրանալ առ Աստուած:
Աստուծոյ կամքին արտայայտութիւնն է արդարութիւնը, սրբութիւնը եւ ճշմարտութիւնը: Կամայ թէ ակամայ հեռացած ըլլալով Աստուծմէ, եթէ մենք մերժենք վերոյիշեալ գերագոյն արժէքները, մեր կեանքը առաջնորդած պիտի ըլլանք դէպի խաւար ու կործանում, դէպի պատերազմ եւ մարդկային զանգուածներու աղքատութիւն ու տնտեսական դրոյթներու խախտում: Միակ այլընտրանքը մեր կեանքը ի Քրիստոս ուղղորդելն է՝ զայն հաստատելու աստուածային սկզբունքներուն՝ արդարութեան, սրբութեան եւ ճշմարտութեան վէմին վրայ:
Նոր Տարին մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուսի հրաշալի Ծնունդով նուիրագործուած է: Այս իմաստով դժուար է զատել մէկը միւսէն: Նոր Տարին կը բերէ Յիսուս Փրկիչի Ծննդեան սքանչելի աւետիսը, որով կը նորոգուի մարդուս կեանքը, եւ անոր մէջ կը գերակայէ աստուածայինը: Եւ շատ բնական է, որ մարդը, որ կ՛ըմբոշխնէ Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը իր հոգեւոր աշխարհին մէջ կ՛ապրի ուրախութիւն եւ տօնական տրամադրութիւն: Ինչպէս մանուկի մը ծնունդը ուրախութիւն կը բերէ ընտանիքէն ներս, այդպէս ալ՝ ուրախ է այն մարդը, որ իր էութեանը մէջ կ՛ապրի նոր կեանքի ծնունդը, նոր մարդուն ծնունդը:
2015 թուականը մեր ժողովուրդին համար չափազանց յատկանշական է, որովհետեւ ազգովին պիտի նշենք Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը, մեր խոնարհումը ու յարգանքը մատուցանելով նահատակներու յիշատակին, նաեւ՝ ուխտելով պահել-պահպանել մեր նախնեաց կողմէ մեզի որպէս հոգեւոր ժառանգութիւն վստահուած Հայրենիքը, Ս. Էջմիածինը, մեր ազգային սրբազան աւանդները: Ս. Ծնունդը կու գայ մեզի լեցնելու գալիքի սպասումներով, լաւատեսութեամբ, յոյսով, աստուածային զօրութեամբ, հաւատքի եռանդով եւ տեսիլքի գիտակցութեամբ՝ նոր ժամանակը ապրելու համար ստեղծագործ կեանքով:
2015ը, մեր թեմական կառոյցէն ներս պիտի ըլլայ նաեւ Երիտասարդութեան նուիրուած տարի: Մենք կը հաւատանք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչումները իսկապէս կ՛իմաստաւորուին, երբ մեր երիտասարդները նոր ձեռքբերումներ կ՛արձանագրեն, կը յառաջդիմեն կեանքի զանազան մարզերէն ներս, բարձունքներ կը նուաճեն գիտութեան, մշակոյթի եւ այլ ոլորտներու մէջ՝ անպայմանօրէն Մայր Հայրենիքին եւ Ս. Էջմիածինին պատկանելու հոգեւոր գիտակցութեամբ: Այսպիսով կր-նանք երաշխաւորել յաւերժականութիւնը մեր ազգի ու եկեղեցւոյ: Գալիք տարին մեր թեմական կեանքին մէջ պիտի ըլլայ լուսաւոր տարի մը, որովհետեւ հայ երիտասարդութեան վերազարթօնքով է պայմանաւորուած նաեւ մեր ազգի կեանքին մէջ լոյսի ճանապարհը: Մեր հոգու պարտքը պիտի ըլլայ առաջնորդել հայ երիտասարդը դէպի Աստուած, դէպի քրիստոնէական հաւատքի կեանք, դէպի Հայաստան, դէպի Ս. Էջմիածին, դէպի հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով հարուստ կեանք՝ Աստուծոյ փառքին համար, մեր բազմաչարչար ժողովուրդի մխիթարութեան համար: Երիտասարդութիւնն է մեր յոյսի ու լոյսի փարոսը, որ փառաւոր գալիքի խոստում կը ցոլացնէ անցեալի հորիզոնին վրայ:
Սիրելի՛ հաւատաւոր եւ նուիրեալ զաւակներ մեր Ս. Եկեղեցւոյ, ձեզի կը մաղթենք քաջառողջ երկար կեանք, բեղմնաւոր գործունէութիւն եւ յարատեւ յաջողութիւն ձեր բոլոր առաքինի գործերուն մէջ: Կը հայցենք Ամենակալէն, որ Ինք ըլլայ ամէնքիս օգնական եւ առաջնորդ գալիք 2015ին՝ մեր կեանքին մակոյկը ապահով հասցնելով դէպի բարի նաւահանգիստ: Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ:
«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, օրհնեալ է Յայտնութիւնն Քրիստոսի»:
Աղօթարար
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՌԱՋՆՈՐԴ
1 Յունուար, 2015