ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 29 Դեկտեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան եւ գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեան այցելած են տարբեր զօրամասեր:
Նախարարները շրջագայած են զօրամասերուն մէջ եւ ծանօթացած զինուորներուն ծառայութեան պայմաններուն։
Անկէ ետք նախարար Էդուարդ Նալբանդեան զօրամասի նիստերու դահլիճին մէջ պատասխանած է սպայակազմի եւ զինուորական ծառայողներու հարցումներուն՝ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ տարածաշրջանային հրատապ խնդիրներուն վերաբերեալ:
Շնորհաւորելով զինուորականներուն Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը՝ Էդուարդ Նալբանդեան նշած է, որ, զինուորները աւանդաբար ընտանեկան ամանորեայ տօները կը նշեն իրենց ընտանիքէն հեռու, որովհետեւ լծուած են հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ առաքելութեան՝ ապահովելով մեր ժողովուրդին, մեր երկրին խաղաղ կեանքն ու զարգացումը: Նախարար Նալբանդեան խաղաղ ծառայութիւն եւ յաջողութիւններ մաղթած է սպաներուն եւ զինուորներուն՝ ընդգծելով, որ անոնցմէ կախեալ է զինուած ուժերու ամրութիւնը եւ հզօրութիւնը:
Էդուարդ Նալբանդեան վստահեցուցած է, որ հայ դիւանագէտները պիտի շարունակեն իրենց ջանքերը՝ ուղղուած յարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման:
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան այցելած է նաեւ Վահան գիւղի սահմանային դիրքեր, իսկ գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեան հանդիպում ունեցած է սահմանապահ Խաչիկ գիւղի զինուորներուն եւ բնակիչներուն հետ: Ան խաղաղ ու անխռով ծառայութիւն, բարձր տրամադրութիւն, ամրակուռ կամք ու տոկունութիւն մաղթած է զինուորներուն՝ յոյս յայտնելով, որ մնայուն կերպով անառիկ կը պահեն երկրի սահմանները դաւադիր ոտնձգութիւններէ եւ արիաբար կը դիմակայեն բոլոր դժուարութիւններուն։
«Մեր երկրի անվտանգութիւնն ու վաղուայ օրը ձեր ձեռքերում են, դուք մեր հայրենիքի մշտարթուն պահապաններն էք, Հայոց յաղթանակած բանակի արժանի ժառանգորդները, ովքեր անհրաժեշտութեան դէպքում միշտ պատրաստ են ապացուցել, որ հայ զինուորի քաջարի ոգին ու միտքն անպարտելի են, ինչի համար երախտապարտ ենք ձեզ», յայտնած է Կարապետեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.