ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանեան դրամատուներուն մէջ տոլարի եւ եուրոյի փոխարժէքը Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն քիչ մը բարձացած է։ 29 Դեկտեմբերի ժամը 10:30ի դրութեամբ, ըստ Rate.am կայքին, տոլարի առքը դրամատուներուն մէջ եղած է 467, նուազագոյն ցուցանիշը՝ 464 դրամ («Արցախբանկ»), առաւելագոյնը՝ 469 դրամ («Հայբիզնեսբանկ»): Դրամատուները տոլար կը վաճառեն հիմնականին մէջ 479 դրամով, առաւելագոյն ցուցանիշը 480 դրամ է («Ինեկոբանկ», «ԲՏԱՅ»):
Եուրոյի առքը դրամատուներուն մէջ կը կազմէ միջինը 567 դրամ, բարձրագոյն ցուցանիշը 571 է, նուազագոյնը՝ 556: Դրամատուները եուրօն կը վաճառեն միջինը 589 դրամով: Ամէնէն ցածը 583 դրամ է, իսկ բարձրագոյնը 601 դրամ է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.