
(Ծնեալ՝ Օգոս. 5, 1947ին, Պաղեստին)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ կնոջ, մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին՝ Սիրարփի Չագալեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2014ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2014, կէսօրէն ետք ժամը 1։30ին, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, 2215 E. Colorado St., Pasadena, CA 91107։
Սգակիրներ՝
Ամուսինը՝ Յակոբ Չագալեան
Զաւակները՝ Մարտիկ եւ Վիոլէթ Չագալեան
Մելինէ եւ Ճորճ Մելիքեան
Արա Չագալեան
Թոռը՝ Յակոբիկ Չագալեան
Քոյրը՝ Անուշ եւ Սեդրակ Մաղտիսեան
Եւ համայն Գազանճեան, Սեդրակեան, Շահինեան, Մաղտիսեան,
Վարդանեան եւ Աւանէսեան ընտանիքներն ու հարազատները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանին, (KZV Armenian School, San Francisco) կամ Հայ Օգնութեան Միութեան (Armenian Relief Society)։