ԵՐԵՒԱՆ, »Երկիր«.- Դեկտեմբեր 28ին Պերլինի մէջ կեանքէն հեռացած Գերմանիայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննէսեանի աճիւնը տեղափոխուեցաւ Երեւան:
Յովհաննէսեանի աճիւնը դիմաւորելու համար «Զուարթնոց» օդակայան գացած էին ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանը, պատգամաւորներ, ՀՅԴ Հայաստանի գերագոյն մարմնի եւ Բիւրոյի ներկայացուցիչներ, Վահան Յովհաննէսեանի մահուան կապակցութեամբ ստեղծուած կառավարական յանձնաժողովի անդամներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ:
Վահան Յովհաննէսեանի հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ 2015ի Յունուար 2ին` ժամը 17:00ին, Նոր Նորքի 5րդ զանգուածի Սբ. Սարգիս եկեղեցիին մէջ, վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը` Յունուար 3ին` ժամը 11:00-13:00ը, Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ, յուղարկաւորութիւնը` նոյն օրը, Երեւանի քաղաքային պանթէոնի մէջ: