ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Դեռ 2005 թուականին, Զուիցերիոյ ոստիկանութեան կողմէ կալանաւորուելէն ետք, Փերինչեք մեղաւոր ճանչցուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման համար: Երբ Զուիցերիոյ դաշնակցային դատարանը (Գերագոյն դատարանը) հաստատեց անոր պատիժը, Փերինչեք 2008ին դատավճիռը բողոքարկեց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ (ՄԻԵԴ): 2013ի Դեկտեմբեր 17ին ՄԻԵԴի եօթը դատաւորներէն հինգը որոշում կայացուցին յօգուտ Փերինչեքի՝ պնդելով, որ Զուիցերիոյ դատարանները խախտած են անոր խօսքի ազատութեան իրաւունքը: Երեք ամիս անց, Զուիցերիան ՄԻԵԴի սխալ որոշումը բողոքարկեց դատարանի 17 անդամներէ բաղկացած Մեծ պալատին մօտ, որ կը նախատեսէ 2015ի Յունուար 28ին վերաքննել աւելի առաջ ընդունուած դատավճիռը:
Բարեբախտաբար, Փերինչեքի ծրագրած հնարքը Յունաստանի մէջ բազմաթիւ արգելքներու հանդիպեցաւ… Նախ սկսինք անկէ, որ ան չէր կրնար Թուրքիայէն դուրս գալ, քանի որ անոր վրայ ճամբորդական արգելք սահմանուած էր բանտէն պայմանական ազատելէն ետք՝ դաւադրութեան մը մասնակից ըլլալուն համար: Երբ առանց անոր իր կուսակցութեան 13 անդամներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը ժամանեց Աթէնքի օդակայան, Յունաստանի իշխանութիւնները խելամտօրէն որոշեցին խումբը վտարել Թուրքիա, քան թէ տեսարան սարքել՝ զանոնք ձերբակալելով: Յունական ոստիկանութիւնը որպէս պատճառաբանութիւն օգտագործեց թուրք այցելուներու ճամբորդական փաստաթուղթերուն օրինաւոր չըլլալուն փաստը:
Պոլիս վերադառնալէ ետք, արտաքսուած թուրքերը իրենց կուսակիցներուն կողմէ հռչակուեցան որպէս «հերոսներ»: Փերինչեք անմիջապէս մեղադրեց նախագահ Էրտողանն ու վարչապետ Տաւութօղլուն՝ իրենց «չափազանց խայտառակ որոշման» համար, որով կանխեցին անոր Յունաստան մեկնիլը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար: Փերինչեքի հետեւորդները նաեւ մեղադրեցին Յունաստանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Քերիմ Ուրասը՝ յունական կառավարութեան հետ դաւադրութեան մէջ՝ խոչընդոտելով իրենց առաքելութիւնը: Ի պատասխան՝ թուրք դեսպան Քերիմ Ուրաս մեղադրեց «Թալէաթ փաշա» կոմիտէի անդամները՝ իրենց սեփական ծրագիրները խանգարելու յանցանքով, անոնց մասին նախօրօք յայտարարելով, հակառակ դեսպանի յորդորին՝ անաղմուկ ժամանելու Աթէնք եւ միայն այնտեղ հասնելէն ետք յայտարարութեամբ հանդէս գալու… Ուրաս աւելցուց, որ թրքական պատուիրակութեան վաղաժամ հրապարակային յայտարարութիւններուն պատճառով յունահայ համայնքը Աթէնքի մէջ բողոքի ցոյցի նախապատրաստուած էր անոնց դէմ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու պաշտպանեց Փերինչեքի՝ Յունաստան մեկնելու վերաբերեալ դատարանի արգելքը: Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Չաւուշօղլու հերքեց Փերինչեքի մեղադրանքը, թէ Անգարան փորձած է խոչընդոտել իր կոմիտէին ուղեւորութիւնը դէպի Յունաստան: Սակայն Փերինչեքի համար շատ աւելի կարեւոր ուղեւորութիւն կը սպասուի Յունուար 28ին, երբ կ՛ակնկալուի, որ ան ներկայ գտնուի իր գործով Զուիցերիոյ բողոքարկման դատական նիստին ՄԻԵԴի մէջ, Սթրազպուրկ: Թէեւ Փերինչեքի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Չաւուշօղլու ըսած էր, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը չ՛առարկեր անոր Սթրազպուրկ մեկնելուն, սակայն արտաքին գործոց նախարարը զգուշացուցած էր, որ Փերինչեքի ճամբորդական արգելքի վերացման վերջնական որոշումը դրուած է Թուրքիոյ Գերագոյն դատարանին վրայ: Անգարան այժմ պէտք է հակակշռէ իշխող կուսակցութեան դէմ ծայրայեղ ազգայնական քննադատին աճող հեղինակութեան վնասը՝ ընդդէմ մոլեռանդ ժխտողականին աջակցելու առաւելութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընթացքին:
Թրքական եւ միջազգային լրատուամիջոցները լայնօրէն տարածեցին նախորդ յօդուածներէս մէկուն մէջ իմ հաղորդած հրատապ լուրը, որով բացայայտուած էի, որ Ամալ Քլունին Ճեֆրի Ռոպըրթսընի եւ այլ ակնառու փաստաբաններու հետ Հայաստանը պիտի ներկայացնէ ՄԻԵԴի Յունուար 28ի դատական նիստին: Տիկին Քլունիի այս դատական գործին ներգրաւուածութեան լուրը տարօրինակ արձագանգի արժանացաւ Փերինչեքի կողմէ, որ թրքական մամուլին ըսաւ. «Տիկինը կրնայ մասնակցիլ դատական նիստին, բայց եթէ անգամ Յիսուսի կինն ալ գայ, միեւնոյն է, յաջողութեան հասնելու հնարաւորութիւն չունի»։
Իմ վերջին յօդուածէս ետք քանի մը ընթերցողներ մատնանշած էին անծանօթ ընտանեկան կապը տիկին Քլունիի (Ամալ Ռամզի Ալամուտին) եւ զուիցերիացի նշանաւոր միսիոներ «Պապա» Ճաքոպ Քունցլերի միջեւ, որ յայտնի է որպէս «հայ որբերու հայր»: Մինչեւ Ցեղասպանութիւնը, 25 տարի շարունակ Քունցլեր եւ անոր կինը ջանասիրաբար օգնած են հայ համայնքին, Ուրֆայի մէջ: Այնուհետեւ, 1920ականներուն Քունցլեր ամուսինները սկսած են աշխատելու Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին համար՝ տարհանելով հազարաւոր հայ որբեր Թուրքիայէն դէպի Ղազիր, Լիբանան, ուր հայ աղջիկները գործած էին հանրայայտ «Սպիտակ տան գորգը», որ 1925 թուականին նուիրուած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քելվին Քուլիճին: Քունցլերի դուստր Իտան ամուսնացած է Ամալի մեծ հօր՝ Խալիլ Ալամուտինի զարմիկ Նաժիպ Ալամուտինի հետ: 1970ին Իտա Քունցլեր հրատարակած է ուշագրաւ գիրք մը իր հօր անձնուէր մարդասիրական գործունէութեան մասին՝ «Պապա Քունցլերը Եւ Հայերը» խորագիրով:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը