ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Հոկտեմբեր ամսոյն վերջերը, զանգուածային հայ եւ օտար լրատուամիջոցները զգայացունց յայտարարութիւն մը կատարեցին, թէ՝ հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նշումներու ծիրէն ներս, հանրածանօթ ու աշխարահռչակ ռոք-ի հայկական «Սիսթըմ աֆ ը Տաուն» խումբը, Սերժ Թանքեանի գլխաւորութեամբ, Ապրիլ 23ին, Երեւանի հրապարակը, տասնեակ հազարաւոր հանդիսականներու ներկայութեամբ Եղեռնի զոհերու յիշատակին նուիրուած բողոքի համերգ մը պիտի տայ: Ոգեւորիչ այդ յայտարարութեան առիթով, Հոկտեմբեր 29ին, «Armenian News» հեռուստակայանի «Բանաձեւ» յայտագիրէն իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, երգահանդէսի կազմակերպիչներէն Fugitive Studios-ի երեւանեան մասնաճիւղի տնօրէն Արմէն Գուբելեան, հետաքրքրական կարգ մը տեղեկութիւններու շարքին յայտնեց, թէ երգահանդէսի կազմակերպութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Հայաստանի պետական սարքը եւ մասնաւորապէս՝ անձամբ նախագահ Սարգսեանի խորհրդատու Վիգէն Սարգսեանը, եւ թէ կազմակերպչական աշխատանքները ամբողջ մէկ ու կէս տարի խլած են ենթականերէն։
Խիստ շահեկան սոյն հարցազրոյցը վարող Արտակ Ալեքսանեանի կողմէ տրուած այն հարցումին, որ Fugitive Studios-ի նախաձեռնութեամբ Վարդանանց հերոսամարտի եւ հայոց քրիստոնէացման վաւերագրականի հայաստանեան նկարահանումներուն կը հայէր, Fugitive Studios-ի երիտասարդ տնօրէնը, իրեն յատուկ լաւատեսութեամբ մը պատասխանեց. «Այո՛, տեղին է տրուած հարցումը: Տասներկու տարիէ ի վեր անդրանիկ եղբօրս՝ Հրաչ Ռաճըր Գուբելեանի, եւ իր գործակիցներուն հետ առաջ կը տարուի Վարդանանցի եւ Գրիգոր Լուսաւորիչի պատմական իրադրութիւններուն հայող շարժապատկերի ծրագիրը, որ քայլ առ քայլ կը յառաջանայ դէպի իր վերջնական փուլը: Ինչպէս ներկայ վաւերագրականը, լայնամեթրաժ ժապաւէնի նկարահանումն ալ մեծ մասամբ Հայաստանի մէջ պիտի կատարուի: Մեր նպատակը լայնամեթրաժ ժապաւէնին նկարահանումը գլուխ հանելն էր, երբ յանկարծ յայտնուեցան վաւերագրականը ֆինանսաւորող անձեր՝ հայ մը եւ անոր չինացի ընկերը… Եղբայրս, որ ինչպէս գիտէք, այս ծրագիրը սկսած էր, երբ Նիւ Զելանտայի մէջ ամբողջ երեք տարի «Մատանիներու Տիրակալը» ժապաւէնի նկարահանման վրայ կ՛աշխատէր, հոն երեւակայածին հերոսներու եւ հերոսապատումներու արձանագրած յաջողութիւնը վկայելով՝ ինքնիրեն լրջօրէն հարց կու տար, թէ ինչո՞ւ միսով-ոսկորով վաւերական մեր դիւցազնները եւ անոնց մղած հերոսամարտերը արուեստասէր հասարակութեան սեփականութիւնը պիտի չդառնային… Ուրախ ենք յայտարարելու, թէ ներկայիս, սոյն ծրագիրին եկաւ միանալու Ուիլեըմ Մարթինը՝ վաւերագրականներու հռչակաւոր «ռեժիսէօր»ը: Եղբայրս, հեռատեսութիւն ցուցաբերելով՝ չուզեց փախցնել ներկայացած առիթը»։
Բայց այս բոլորէն վեր ու բոլորէն աւելի հետաքրքրականը՝ հարցազրոյցի միջոցին Արմէն Գուբելեան յայտնեց, թէ զիրենք ամէնէն աւելի յուզող հարցը եղաւ այն, որ Վարդանանց վաւերագրականի նկարահանումներուն ընթացքին, ըլլայ սինեմարուեստի մասնագէտ իր եղբայրը թէ Ուիլեըմ Մարթինը, ուղղակի շշմած ու հիացած էին Հայաստանի բնութեան գեղեցկութեան եւ յաջող նկարահանումներ կատարելու համար հայրենի երկրին ընձեռած լայն կարելիութիւններուն վրայ, ըլլան անոնք բնանկարային կամ սինեմարուեստի մէջ մասնագիտացած տաղանդներու մեծ թիւով թէ պետական շրջանակներու ընձեռած աջակցութեամբ։
Ամերիկացի հանրայայտ «ռէժիսէօր»ը, որ վերջերս Սուրբ Գրոց վաւերագրականը նկարահանած էր Պոլսոյ մէջ, զարմանքով կը յայտնէր. «Եթէ նախապէս իմանայի Հայաստան աշխարհի՝ այսքան հրաշալի բնութեամբ օժտուած ըլլալը եւ դարաւոր աղօթատեղիներու ստուար թիւը, մասնաւորապէս սինեմարուեստի մէջ ծառայող տաղանդներու առատութիւնը, ապա պիտի նախընտրէի «Science of the Bible» վաւերագրականը այստեղ նկարահանել»։
Այսօր, գաղտնիք չէ, թէ Հոլիվուտի մէջ տիրող սղաճին պատճառով, Լուիզիանա նահանգը դարձած է սինեմարուեստի նորագոյն մայրաքաղաքը՝ այդ տիտղոսը խլելով մեզի հարեւան Հոլիվուտէն: Չորս տարբեր տարրեր պատճառ դարձած են ներկայ յեղաշրջման՝ Location+Talent+Low costs and incentives. այո՛ պարոնայք, տուեալ չորս նախադրեալներէն գոնէ առաջին երեքը առկայ են ներկայ հայաստանեան իրականութեան մէջ: Պէտք է բոլոր մեր ուժերով աշխատինք՝ իրականացնելու Արմէն Գուբելեաններու եւ ամէն հայրենապաշտ հայու իղձը, Հայաստան աշխարհը դարձնելու միջազգային ֆիլմարուեստի նկարահանման կեդրոններէն մին, ինչպէս՝ Լուիզիանան, Ռումանիոյ եւ Չեխիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթն ու Փրակը:
Ուրախ ենք յայտնելու, թէ Վարդանանց վաւերագրականի նկարահանման ընթացքին, ութսունէ աւելի դերասան ու մասնագէտ գործակցած են ծրագիրի իրագործման: Ահա՛ քեզի քաջալերական լուր։
Հայ մամուլին մէջ կամ մեր բեմերէն յաճախ կը լսուին հռետորական ելոյթներ, որոնք կը միտին Հայաստանէն դուրս սաստկացող արտագաղթը դատափետելու: Եկէ՛ք շեշտակի նայինք մեզ յուզող տագնապի խորութեան: Իբրեւ Հայ Դատի նուիրուած անհատ՝ մենք ալ համոզուած ենք, որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման չափ եւ գուցէ անկէ աւելի կարեւոր է մեր հաւաքական ճիգերով կասեցնել Հայաստանէն ներս համաճարակի բնոյթ ստացած արտագաղթը: Եկէ՛ք զգացականութիւնը մէկ կողմ դնելով՝ իրապաշտօրէն մօտենանք արտագաղթի ցաւալի երեւոյթին ու անոր տուն տուող պատճառներուն: Աժան ամբոխավարութեան փոխարէն, փորձենք փշոտ այդ հարցին գործնական լուծումներ որոնել ու գտնել: Ոչ մէկ գիտակից անհատ, զուտ հաճոյքի համար եւ մասնաւորապէս թեթեւ սիրտով, հայրենիք ու ծննդավայր թողլքելով՝ դէպի օտարութիւն չի մեկնիր, եթէ ստիպուած չըլլայ…
Վերջերս, սրտցաւ մտաւորական բարեկամէ մը ստացայ ե-նամակ մը, որուն կցուած էր սուրիահայ ընտանիքի մը ոդիսականը, երբ հայրենասէր այդ ընտանիքը հայրենիք ներգաղթելէ երկու տարի ետք, հոն տիրող գործազրկութենէն, սղաճէն ու տնտեսական անապահովութենէն հիասթափուելով՝ ստիպուած ետ Սուրիա կը վերադառնայ, նախընտրելով այնտեղի ռումբերը:
Անօթի փորով հայրենասիրութիւնը կրնայ նաեւ զառանցանք թուիլ: Իրենց կարճ սակայն բովանդակալից հարցազրոյցին ընթացքին, Արտակ Ալեքսանեան ու իր զրուցակիցը լռելեայն ու դիւանագիտօրէն արծարծեցին ներկայ հարցերը: Պետութիւն, գործարար շրջանակներն ու արուեստի մարդիկ, ձեռք-ձեռքի տալով՝ Հայաստանը կրնան հասցնել վերեւը նշուած մակարդակին, հազարաւոր աշխատատեղիներ ու լաւ վճարուող գործեր հայթայթելով երկիրի գործազուրկ զանգուածներուն: Այդ մէկը յաջողցնելու համար, մեզի ո՛չ նախաձեռնութեան ոգին կը պակսի, ո՛չ նպատակասլացութիւնը, ոչ ալ բնատուր տաղանդը։
Գրութիւնս չաւարտած, բոլորս յուզող կարեւոր առաջարկութիւն մը եւս պիտի կատարեմ: Խոստովանիմ, թէ իմ այդ մտահոգութիւնը բաժնած եմ սրտցաւ հայ հիւպատոսի մը հետ: Հարցը սա՛ է. ինչո՞վ կ՛արդարացուի Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի ու միւս տեսարժան վայրերու պանդոկներուն եւ ճաշարաններուն մէջ տիրող սղութիւնը, երբ մէկու մը համար գաղտնիք չէ, թէ աշխատուժը որքա՛ն առատ եւ աժան է Հայաստանի տարածքին: Պանդոկները զբօսաշրջիկներու առջեւ մատչելի դարձնելով՝ կարելի է կրկնապատկել անոնց թիւը, մասնաւորապէս՝ նորանոր պանդոկներ կառուցելով. փոխանակ մեծ-մեծ գումարներ երկրէն դուրս հանելու, այդ գումարները հայրենի տնտեսութեան մէջ ներդրելով՝ տասնեակ հազարաւոր նոր գործատեղիներ կրնայինք ստեղծել ու առաջքը առնել Հայաստանը արիւնաքամ ընող արտագաղթին: Առ այժմս՝ այսքա՛ն միայն…
Պարոն Գուբելեանն ինքն աւելի լաւ պիտի իմանայ, որ Հայաստանը համաշխարհային սինեմայի կենտրոն դարձնելու համար պէտք են վիթխարի գումարներ: Մինչդեռ հէնց այդ գումարով կարելի է հազարաւոր աշխատատեղիներ բանալ գիւղական շրջաններում եւ մայրաքաղաքից հեռու շրջաններում: Ընդունում եմ որ հայութիւնն արուեստի բնագաւառում միշտ էլ առաջատար է եղել ու տուել է հանճարներ: Բայց յիշենք, որ խորհրդային տարիներում, երբ ներդրումները արուեստի մարզում աւելի շատ էին, Փարաջանովը չկարողացաւ աւարտել «Աշուղ Ղարիբ» ֆիլմը: Ու բոլորին է յայտնի որ Փարաջանովի ֆիլմերը այնքան էլ ծախսատար չէին, ու նիւթական առումով աւելի քիչ ներդրումներ էին պահանջում:
Ինչեւէ, եզրակացնեմ.- Պիտի տնտեսական ճիշտ հաշուարկում կատարել թէ այդ վիթխարի գումարը պէտք է գնայ Հայաստանը ֆիլմարուեստի կենտրոն դարձնելո՞ւ համար, թէ՞ պիտի յատկացուի հրատապ ուրիշ բնագաւառների, որոնց մասին արդէն ակնարկել եմ:
Մեր ժամանակների սինեման շատ աւելի ծախսատար է՝ քան 20-րդ դարում էր (նկատի ունեմ բարձրակարգ ֆիլմ արտադրելը): Ուստի պիտի ճիշտ գնահատում կատարել, եւ ըստ այնմ որոշել:
Յարգելի Ռուբինա Օհանեան
Նախ՝ գիւղերի զարգացումի ծրագիրները ՀՀ Կառավարութեան գործն է, իսկ ֆիլմարւեստը միանգամայն անհատական ձեռնարկութիւններ են: Ես բացարձակօրէն բաժանում եմ պրն Գուբէլեանի մտքերին, որ ճառ խօսելով փոր չի կշտացնի և արտագաղթը չի կասեցնի, գործ պէտք է ստեղծել: Այսօր Հայաստանը ազատ երկիր է և անհատ ներդրումների ասպարէզ տնտեսութիւնը զարգացնելու համար, միայն պետութիւնը պէտք է ապահովի ազատ ձեռնարկութիւնները, որպէսզի օլիգարխները չը խանգարեն: Այսօրւայ Հայաստանը համեմատելի չէ Սովետին, որ Մոսկւան պէտք է թոյլ տայ ինչ ֆիլմեր հանեն, ինչպէս որ դուք օրինակ էիք ծառայեցրել Փարաջանովի «Աշուղ Ղարիբը»: Պողոս Գուբէլեանի առաջարկութիւնը հիանալի գաղափար է և մէկն է այն բազմաթիւ բիզնէս ներդրումներից, որոնք այսօր Հայաստանը կարիք ունի: Սա ինչ որ մի որոշւած գամարի մասին չէ, որ հաշւարկեն թէ որտեղ գործի դնեն, գիւղե՞րում թէ ֆիլմարւեստի մէջ: Անշուշտ անհատ ներդրողներ էլ կարող է լինեն, որ ցանկանան գիւղատնտեսութեան մէջ բիզնէս անեն, բայց ինչպէս որ ասացի պետութեան բացարձակ հովանաւորութեան և ապահովութեան կարիքն ունեն: Կարծում եմ այսօրւայ պայմանները մի քիչ տարբերւել են, պետութիւնը մասամբ փորձում է ապահովութեան երաշխիքներ տալ սփիւռքի բիզնէսմաններին:
Ո՞վ դէմ գնաց Հայաստանի բազմակողմանի զարգացման ծրագրերին: Նորից կարդացէք իմ առաջին գրութիւնը: Նաեւ, նորից կարդացէք պարոն Գուբելեանի գրութիւնը: Նա չի խօսում միայն ֆիլմարուեստի մասին: Նա :օսում է ֆիլմարուեսի զարգացումով արտագաղթի դէմն առնելու մասին: Պարոն գուբելեանը խօսում է Հայաստանի տնտեսական ենթակառոյցները նորոգելու մասին, պանդոկներ նորոգելու, նորանոր պանդոկներ ստեղծելու եւ այլնի մասին: Սա նշանակում է ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ԾՐԱԳԻՐ, որին կարող են օժանդակել մասնաւոր բաժինն ու բարերարները: Պարոն Գուբելեանի յօդուածում ոչ մի տեղ չի նշուած, որ ֆիլմարուեստի զարգացումը պիտի լինի ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ նախաձեռնութիւն: Նա յստակ նշում է.- «Պետութիւն, գործարար շրջանակներն ու արուեստի մարդիկ ձեռք-ձեռքի տալով…»: Ու ես հաստատում եմ այս եզրակացութիւնը: Համամիտ եմ այս եզրակացութեան հետ:
Հայաստանի կառավարութիւնը՝ իր տարեկան բուդջէով գումարներ է յատկացնում երկրի տարբեր բնագաւառների աշխատանքներին: Գումարներ է յատկացնում թէ՛ Մշակոյթի Նախարարութեանը, թէ՛ բոլոր համայնքներին (նաեւ գիւղական համայնքներին): Ես հիմա չեմ քննում թէ այդ յատկացումները բաւարա՞ր են, թէ՞ ոչ: Չեմ քննում նաեւ մսխումների հարցը: Իմ նպատակն ուրիշ է:
Մշակոյթի Նախարարութեանը յատկացուած բուդէով պահւում են թանգարանները, վերանորոգւում ու պահպանւում են մշակութային ու պատմական կոթողները, գրքեր են հրատարակւում, մշակութային ձեռնարկներ են կազմակերպւում, պաշտօնէութեան աշխատավարձն են տալիս եւ այլն: Ես տեղեակ չեմ թէ Հայաստանի տարեկան նախահաշուի մէջ գումար յատկացւո՞ւմ է ֆիլմարուեստին, թէ՞ ոչ: Տեղեակ չեմ: Հաւանաբար այո, եւ հայանաբար այն էլ ոչ-մեծ գումար: Նորից կարդացէք իմ առաջին գրութիւնը: Ես խօսել եմ թէ ֆիլմարուեստը ծախսատար է, հսկայ գումարներ է պահանջում: Ու եթէ այդ գումարը յատկացուի՝ օրինակ՝ գիւղական համայնքների զարգացմանը, դրանից ստացած արդիւնը աւելի մեծ է լինելու՝ հէնց կործանարար արտագաղթի դէմն առնելու համար: Ես նկատի եմ ունեցել ԱՅՍ հարցը, ու իմ գրութեան մէջ ՈՉ-ՄԻ տեղ չեմ խօսել ֆիլմարուեստի զարգացմանը դէմ լինելու մասին:
Նորից եմ գրում իմ կարծիքը: Եթէ պիտի հսկայական գումարներ յատկացուի Հայաստանի զարգացմանը, իմ առաջարկն է այդ գումարները ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹԱԲԱՐ յատկացնել աւելի հրատապ հարցերի:
Իսկ ինչ վերաբերում է ֆիլմարուեստին, յաջողութիւն ցանկանանք Գուբելեաններին: Ո՞վ նրանց աշխատանքը թերագնահատեց: Թող ամեն մարդ անի այն՝ ինչ իր հնարաւորութիւնների սահմանում է: Բայց, չէ՞ որ պարոն Գուբելեանը ինքն է նշել, որ պիտի հիւրանոցներ նորոգել, նորերը բանալ եւ այլն: Այսինքն ՊԻՏԻ զարգացնել Հայաստանի ենթակառոյցները, որ պահանջում է ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ԾՐԱԳԻՐ:
Հայաստանի իր խղճուկ տարեկան նախահաշուով, ու յատկապէս Մշակոյթի Նախարարութիւնը՝ իր ողորմելի բուդջէով, ՉԻ ԿԱՐՈՂ դառնայ ֆիլմարուեստի կենտրոն-երկիր, ինչպէս Հոլիվուդն է այսօր, կամ Լուիզիանան՝ ապագայում:
Հայաստանը այդ մակարդակով ֆիլմարուեստի կենտրոն դարձնելու համար, պիտի ունենալ ՎԻԹԽԱՐԻ միջոցներ՝ տնտեսական եւ այլն: Ինձ չի թւում, որ նոյնիսկ անհատական նախաձեռնութիւնով հնարաւոր է դա:
Բայց… Ոչ ոք, ու ոչ էլ ես, դէմ չենք որեւէ առաջարկի: Բայց առաջարկը պիտի լինի իրատեսական ու գործադրելի սահմաններում:
Այսքան:
Ես յաջողութիւն եմ ցանկանում բոլորին: Գուբելեաններն էլ թող անեն իրենց կարելին: Սպասենք, տեսնենք:
Ռուբինա Օհանեան