ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ազատութեան հրապարակին վրայ 15 Յունուարի ուշ երեկոյեան հաւաքուած են մօտ հարիւր ոստիկաններ, որոնք բերման ենթարկած են առ ի զօրակցութիւն Գիւմրիի մէջ ցոյցին մասնակիցները։ Հրապարակ եկած է փոխգնդապետ Կարէն Մովսիսեանը, որ յայտարարած է, թէ ոստիկանները պէտք է գործողութիւն մը կատարեն: Մովսիսեան յայտարարած է, թէ իրենք «օպերատիւ տեղեկութիւններ ունեն, որ հաւաքուածների մօտ զէնք կայ եւ նրանք ուզում են անկարգութիւններ անել»:
Ոստիկանները կրկին սկսած են բերման ենթարկելու, որոնք փոխադրուած են ոստիկանութեան Նորք Մարաշի բաժանմունք։
Աւելի կանուխ Ազատութեան հրապարակին մօտէն բերման ենթարկուած էին երկու տասնեակ անձեր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.