«Ես պաշտօնապէս յայտարարում եմ՝ որպէս հայ եւ որպէս Հայաստանի գլխաւոր դատախազ՝ դա բոլորիս ցաւն է, իրաւական համակարգը բացարձակ հետեւողական է այդ հարցում: Մեր օրէնսդրութեամբ եւ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնից կրկնում եմ՝ անձը ենթարկուելու է քրէական պատասխանատուութեան եւ պատժի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքում: Նա արդարադատութեան առաջ կը կանգնի Հայաստանում», հաստատեց ան։
Գլխաւոր դատախազը կարեւոր նկատեց այն հանգամանքը, որ որոշ շահարկումներու առիթ տուած են դատախազութեան հաղորդագրութիւնն ու Ռուսիոյ օրէնսդրութեան վկայակոչման փաստը: «Եթէ խօսում ենք ռուսական բազայում յանցագործութիւն կատարած անձի մասին, պէտք է ի նկատի ունենալ, որ այս հարցում երկու երկրների օրէնսդրութիւնն ու միջազգային պայմանագրերը գործում են ամբողջութեամբ ու միասնականօրէն: Ամէն ինչ պէտք է նայել միջազգային իրաւունքի կոնտեքստում», ըսաւ Կոստանեան՝ վկայակոչելով «Հայաստանի եւ Ռուսաստանի դաշնութեան միջեւ 1997թ. կնքուած ռուսական ռազմաբազայի մասին միջազգային պայմանագրի 4րդ յօդուածը, որով Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւազօրութիւնը տարածւում է ՌԴ զինուորական բազայում ծառայող ՌԴ զինուորականների կողմից կատարուած յանցագործութիւնների վրայ»: Ան դիտել տուաւ. «Գիւմրիի սպանութեան դէպքով ունենք զինուորական բնոյթի յանցագործութիւն՝ զօրամասն ինքնակամ լքելու, պահակային կանոններ խախտելու, զինուորական յանցագործութիւնը կատարելու արդիւնքում կատարել է այլ յանցագործութիւն»։
Ըստ անոր՝ 15 Յունուարին քննչական եւ դատավարական գործողութիւններ պիտի կատարուին մեղադրեալին նկատմամբ: «Չենք խօսում որեւէ մէկին իրաւազօրութիւն յանձնելու եւ զիջելու մասին: Գործ ունենք միջազգային իրաւական կարգաւորման հետ. երկու երկրների օրէնսդրութիւնների համադրութեան խնդիր է դրուել՝ պայմանաւորուած միջազգային իրաւական պայմանագրերով», ընդգծեց Կոստանեան։
Աւելի ուշ Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցի մասնակիցներուն հետ խօսելով՝ Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեան յայտարարեց, որ վեց հոգիի սպանութեան գծով կասկածելի ռուս զինուոր Վալերի Պերմեաքովի հարցով պիտի դիմէ Ռուսիոյ գլխաւոր դատախազին:
«Ես հիմա, որպէս գլխաւոր դատախազ, տղամարդավարի ասում եմ, որ ես միանշանակ այս պահանջով դիմելու եմ Ռուսաստանի գլխաւոր դատախազին», հաստատեց Գէորգ Կոստանեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Kostaniane ov e vor “hastati” te rus “yeghbaire” k datvi aistegh te aintegh?Minchev isk mer aispes asats hanrapetutian “nakhaghe” tagnvel e yev tnits durs chi galis.Yerkire pluzvum e arden , korek yev prkek dzer poghere!