ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
«Հոգի»ն Ամենասուրբ Երրորդութեան երրորդ դէմքը ըլլալէ բացի, մարդոց լեզուին վրայ յաճախակիօրէն գործածուող փաղաքշական արտայայտութիւն ըլլալէ առաջ, ինչպէս նաեւ կողակիցին տրուած սիրային ածական մը ըլլալէ անդին, նախ մեր մէջ գտնուող այն անտեսանելի ներկայութիւնն է, առանց որուն կը դադրինք ապրող էակ ըլլալէ ու կը վերածուինք անշունչ դիակի:
Մեր լեզուին մէջ «հոգի» բառը յաճախակի կերպարանափոխումներու կ՛ենթարկուի: Լեզուին տիրապետող ըլլան կամ ոչ, բոլորն ալ կը սիրեն այս բառը յաճախ գործածել: Սա արդէն անուղղակի փաստ կը նկատեն ոմանք անոր իսկապէս գոյութեան, հակառակ աներեւոյթ ու աննիւթեղէն իրականութիւն մը ըլլալուն:
«Հոգի»ն աննիւթեղէն ըլլալով, բնականօրէն չի՛ տեսնուիր: Սակայն մարդիկ կը սիրեն զգալ անոր խորութիւնը: «Հոգիիս խորքը», «հոգեկան խորութեան մէջ», «հոգիիս ամէնէն խորերէն», եւ նման բազմաթիւ արտայայտչաձեւեր արդէն լեզուական տարբեր նրբութիւններով արմատաւորուած են գրական թէ խօսակցական մեր լեզուին մէջ:
Ոմանք այս բառը այնքան նրբաճաշակ քնքշութեամբ կ՛արտասանեն, որ նոյնիսկ թշնամական զգացումներով իրենց մօտեցողին ետ կը մղեն, կամ՝ վերստին մտածել կու տան անոնց, այն քայլին մասին, զոր պիտի առնէին վնաս հասցնելու ուրիշին: Այս իմաստով, «հոգի» բառը մեղմացուցիչ ուժգնութեամբ խնդիրները լուծելու միջոց կը հանդիսանայ: Դեռ աւելին, անիկա կը շռայլուի շողոքորթութեան լայնացանց ուռկանի նման միամիտ մարդոց գլուխէն վար անցուելով, որու հիւսքերուն տակէն դժուար կարենան դուրս գալ անոնք:
«Հոգի» բառը նաեւ ամուսիններու միջեւ փոխանակուող փոխաբերութիւն է, մարդու համար ամէնէն թանկագին հարստութեան անունը, ամէնէն սիրած անձին իբրեւ հոմանիշ տրուող: Սակայն, տեսնուած է թէ այս ալ յաւերժական չէ՛, երբ յանկարծ ապահարզանի պատճառով անհետ կը չքանայ այնքան թանկագին այդ գանձը՝ «հոգի»ն, սակայն առանց որուն տուեալ մարդը կը շարունակէ գոյատեւել… Ուրեմն, այս ալ չէ՛ր իսկական հոգին, որուն համար ստեղծուած է այս կարեւոր բառը:
«Հոգի»ի աստուածաբանական իմաստը, յատկապէս քրիստոնէական կրօնի հետեւորդներուս համար, շատ յստակ է: Այլ կրօններու աստուածաբաններ տարօրինակ կը գտնեն Անոր դերակատարութիւնը միաստուածեան մէկութեան գաղափարին մէջ: Այստեղ բնա՛ւ նպատակ չունինք աստուածաբանութեան այդ նիւթը քննարկելու: Պարզապէս բառին այդ գործածութիւնն ալ կ՛ուզենք նշել, ցոյց տալով որ աննիւթեղէն իրականութիւններու սկզբնաղբիւրը եւ անոր հետ առնչուող բոլոր հարցումներուն եւ խնդիրներուն պատասխանները միշտ Գերագոյն էակին մէջ պէտք է փնտռել:
Միայն մահուան պարագային չէ՛ որ մարդ կը մտածէ, թէ ո՞ւր է հոգին: Այլ, իր կեանքին ընթացքին եւս առիթներ կ՛ունենայ մտածելու, թէ ո՞ւր է իր հոգին: Շատ անհեթեթ պիտի ըլլար մարդու մարմինին այս կամ այն մասին մէջ փնտռել աննիւթեղէն այս իրականութիւնը, որուն բացակայութիւնը վերջն է ֆիզիքական գոյութեան:
Աստուածաշնչական ճշմարտութիւնները իրենց տիրական տեղն ու դերը ունին մեր հոգեւոր գիտակցութեան մէջ: Սակայն, ամէնէն ժողովրդային ու պարզ ըմբռնումներու վերլուծութեան փորձ մը հանդիսացող սոյն գրութեամբ, պիտի ջանանք պատկերաւոր բացատրութիւն մը տալ մարդս հետաքրքրող ու նոյնիսկ մտահոգող այն հարցումին, թէ ո՞ւր է հոգին:
Դիահերձարանի երկաթեայ մերկ սեղանին կարիքը չկայ հոգին փնտռելու համար: Անիկա մեր հետ է այնքան ատեն, որ կը գիտակցինք, անոր մեր հետ ըլլալուն… Սակայն, աւելի մանրամասնելու եւ մօտէն ծանօթանալու համար հոգիին, պէտք է զայն փնտռենք մեր «ցաւած տեղ»ին մէջ:
Շատ պարզ, բայց խորունկ հաստատում մըն է այս: Որովհետեւ, երբ մարդ առողջ է ու կայտառ, ո՛չ միայն չ՛անդրադառնար իր մէջ գոյութիւն ունեցող հոգիին, այլ եթէ պէտք ըլլայ «այծի արժէքով» կը ծախէ զայն… «Հոգիս կու տամ» ըսելաձեւը շատ ընդհանրացած կ՛ըլլայ անոնց մօտ, որոնք ո՛չ մէկ բանի կարիք ունին, կամ այնքան առողջ են, որ կը կարծեն, թէ կատուի նման ունին եօթը հոգիներ, զորս կրնան բաժնել ուրիշներուն… Մինչդեռ նուազագոյն յոգնութիւնը կրող անձ մը, եթէ նոյնիսկ վարժ է ծանր աշխատանքներ կատարելու, «հոգիս ելաւ» կ՛ըսէ, իր կեանքին ու կատարած աշխատանքին առաւել եւս արժէք տուած ըլլալու համար:
Ցաւի մասին խօսած ատեն, յատկապէս «ցաւած տեղ»ին, պէտք չէ՛ միայն ֆիզիքական ցաւը, ու մարդկային մարմինը նկատի ունենալ: Հոգիին ցաւերը շատ աւելի ծանր կ՛ազդեն մարդու վրայ, քան՝ ֆիզիքական ցաւերը: Մէկուն կինը, միւսին ամուսինը, մէկուն զաւակը, միւսին ծնողքը, մէկ ուրիշին աշխատանքը, միւսին գործընկերը եւ այսպէս շարունակաբար շա՜տ ուրիշ բաներ կրնային մարդու «ցաւած տեղը» ըլլալ: Ասոնք հոգեկան ցաւ կը պատճառեն մարդուն, եթէ առողջ վիճակի մէջ չեն: Հոգիին ցաւերը կը կոչուին մտահոգութիւն, մղձաւանջ, խռովք, որոնք ֆիզիքական նոյնիսկ անբուժելի երկարատեւ հիւանդութիւններէ աւելի երկար ճանապարհ կը բանան զայն կրող մարդուն դիմաց:
Հոգեկան ցաւերու բուժման առաջին ու միակ արգելքը անքնութիւնն է, որուն հետեւանքով կը քայքայուի նաեւ տուեալ անձին ֆիզիքական առողջութիւնը: Վստահաբար հանդիպած էք այնպիսի մարդոց, որոնք իրենց անքնութեան դէմ պայքարելու բոլոր միջոցներէն զինաթափ, յանձնուած են մտատանջութիւններու, եւ ցերեկ ատեն իսկ ոտքի վրայ կը պտըտին իբրեւ կենդանի դիակներ, որոնց օգնելու համար պէտք է տալ հետեւեալ հարցումը.
_ Ո՞ւր է հոգիդ:
Եթէ կարենանք օժանդակել անոնց գտնելու իրենց «հոգին», այսինքն ցաւած այն տեղը որ բուժումի կը կարօտի, մեծ փոփոխութիւններ կրնանք ակնկալել անոնց հետագայ կեանքի ընթացքին մէջ: Այլապէս անգիտակցաբար պիտի խարխափեն՝ փնտռելով իրենց հոգին, որ սակայն միշտ խոյս պիտի տայ իրենցմէ, անհոգի ու անկենդան արարածներու վերածելով զիրենք: Հոգիդ գտնելու համար, աւելորդ ցաւերդ մեղմէ, մանաւանդ երբ անհոգի մարդոցմէ կը պատճառուին անոնք քեզի: