ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 30 Յունուարին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան–հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան անդրադարձած է այս տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ եւ ի սփիւռս աշխարհի տեղի ունենալիք նախաձեռնութիւններուն։ Ան յայտնած է, որ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած 25 ժամանակաւոր ցուցադրութիւններ կը ներկայացուին: Անոր համաձայն՝ ասոնք լուրջ առիթներ են օտարներուն իրազեկուածութեան բարձրացման, Ցեղասպանութեան յիշողութեան պահպանման եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարի: «Այս պահին արդէն կան 40 հասցէներ, ուր ցուցադրութիւններ պէտք է տեղի ունենան: Կարծում եմ՝ մինչեւ Ապրիլ 100ից աւելի հասցէներում ցուցադրութիւններ հնարաւոր կը լինի ներկայացնել», ըսած է Դեմոյեան՝ աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր ցուցադրութեան զուգահեռ պիտի պատրաստուի համապատասխան գրացուցակ, որուն գոյութիւնը պարտադիր է ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու պարագային:
Անոր համաձայն՝ ներկայիս շատ արագ թափով կ՛ընթանան թանգարանի ներքին յարդարման աշխատանքները: «Առաջարկում եմ զինուել համբերութեամբ. թանգարանում շրջայց կը լինի միայն այն պատրաստ լինելու ժամանակ: Ապրիլի 24ին նախատեսում ենք թանգարանի բացումը, հիմնական ցուցադրութեան ներկայացումը», ըսած է Հայկ Դեմոյեան:
Ան նաեւ նշած է, որ թանգարանը ցուցանմոյշներով պիտի ներկայանայ «Ոսկէ Ծիրան» շարժապատկերի փառատօնին, Համահայկական խաղերուն, «Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութեան:
Հայկ Դեմոյեան անդրադարձած է նաեւ օրեր առաջ լոյս տեսած «Հարիւր լուսանկարչական պատմութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին» գիրքին՝ նշելով, որ ռուսերէն ու անգլերէն տարբերակները շուտով պատրաստ պիտի ըլլան: «Մենք մի բացառիկ հատոր ենք ներկայացրել՝ հարիւր ընտրուած լուսանկարներ, որոնք ներկայացնում են ցեղասպանութեան այս կամ այն դրուագը՝ իրենց մանրամասն պատմութիւններով: Դրանք ոչ միայն լուսանկարներ են, այլեւ պատմութիւն է», նշած է Դեմոյեան:
Ան նաեւ յայտնած է, որ Ապրիլին Փարիզի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ցուցադրութեան զուգահեռ նախատեսուած է ներկայացնել գիրքին ֆրանսերէն տարբերակը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.