ԵՐԵՒԱՆ, ՀՅԴ ԳՄ Մամլոյ Դիւան.– ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը նախաձեռնած է հանդիպումներու շարքի մը Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ՝ ՀՅԴ ներքաղաքական օրակարգը եւ միջազգային զարգացումներուն առնչութեամբ ՀՅԴի տեսակէտները ներկայացնելու նպատակով:
12 Փետրուարին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանը եւ ԳՄ անդամներ Լիլիթ Գալստեանն ու Պետրոս Մեղրեանը հանդիպում ունեցան Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ռայիսիի հետ:
ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Ա. Ռուստամեան կարեւոր նկատած է Իրանի էական դերակատարութիւնը տարածաշրջանին մէջ՝ անվտանգութեան համակարգի ամրապնդման ուղղութեամբ, լուսարձակի տակ առած է երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային համագործակցութեան դաշտերու ընդարձակման կարեւորութիւնը: ՀՅԴ պատուիրակները ներկայացուցած են սահմանադրական բարեփոխումներուն վերաբերող Դաշնակցութեան մօտեցումներն ու դիրքորոշումները, ներքաղաքական իրավիճակի գնահատականները:
Մոհամետ Ռայիսի՝ հաստատելով այն իրողութիւնը, որ երկու երկիրներուն միջեւ կայուն բարեկամական յարաբերութիւններ կան, շեշտած է, որ տնտեսական համագործակցութեան առկայ ծրագիրներու իրագործումը շատ կարեւոր է, որովհետեւ անոնք շահեկան են երկու երկիրներուն համար, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային կայունութեան ապահովման առումով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.