Հանդիպման ընթացքին Նալբանդեան նշած է, որ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր Միացեալ Նահանգները իմաստալից աջակցութիւն ցուցաբերած է երկրի զարգացման եւ հոն կատարուող բարեփոխումներուն՝ ժամանակի ընթացքին օգնութեան ծրագիրները վերափոխելով համագործակցութեան եւ զարգացման նախագիծերու:
Զրուցակիցները նաեւ միտքեր փոխանակած են Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առեւտուրի եւ ներդրումներու շրջանակային համաձայնագիրի մշակման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն շուրջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.