Բարդ յղութեան կամ վաղաժամ ծննդաբերութեան իբրեւ հետեւանք, որոշ խնդիրներով լոյս աշխարհ եկած փոքրիկներուն ամբողջական աջակցութիւն ցուցաբերելու իմաստով առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունին վերակենդանացման ջերմահաղորդիչ սեղանիկը, տաքցուող ներքնակը, օդափոխման համակարգը, հրատապ իրավիճակներու համար նախատեսուած պայուսակը, ներարկման մխոցներն ու տրամադրուող միւս սարքաւորումները: Անոնք անհրաժեշտութիւն են ոչ միայն բժիշկներու գործադրած ջանքերու արդիւնաւէտութեան, այլ նաեւ նորածիններու կեանքի փրկութեան տոկոսը բարձրացնելու համար:
«Երբ իրականացւում է ինչ-որ ծրագիր, հաշուարկւում են դրա արդիւնքն ու հնարաւոր կորուստները: Դա բիզնեսի օրէնքներից մէկն է: Այս ծրագիրն առանձնայատուկ է նրանով, որ բացառում է սխալուելու հաւանականութիւնը, իսկ արդիւնքն արձանագրւում է բազմաթիւ ծնողների եւ մասնագէտների ժպտացող աչքերում: Երջանիկ եմ «Պըրթլինք»ի հետ տարիների մեր համագործակցութեան համար: Երբ խօսքը վերաբերում է մարդկային կեանքին, ապա փրկութեան նոյնիսկ մէկ ցուցանիշն արդէն յաղթանակ է», յայտնած է «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
2008էն մեկնարկած ծրագիրի իրականացման համար «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ը մինչ օրս յատկացուցած է շուրջ 535 միլիոն դրամ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.