ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– 19 Փետրուարին պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ընդունած է Բ. Համաշխարհային պատերազմի մասնակից, Դրաստամատ Կանայեանի զինակից, ֆրանսահայ բարերար 92ամեայ Մուշեղ Մելիքի Չալոյեան-Մարտիրոսեանը։
Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ, ողջունելով աւելի քան 70 տարի առաջ՝ Բ. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին գերի ինկած, կեանքի բազմաթիւ դժուարութիւններու մէջ թրծուած, սակայն անսահմանօրէն լաւատես եւ հայրենասէր հայորդին՝ պաշտպանութեան նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է անոր հայապահպանման իմաստով ունեցած ներդրումին համար՝ մաղթելով քաջառողջութիւն եւ անսպառ եռանդ: Նախարարը յոյս յայտնած է, որ Սիւնեաց աշխարհին մէջ ծնած մեր հայրենակիցը այսուհետեւ եւս կը շարունակէ զբաղիլ հայ մշակոյթը ամբողջ աշխարհին ներկայացնելու ազգանուէր գործով:
Հայաստանէն հեռու ապրող, սակայն հայրենիքի յաջողութիւններով ու ցաւով ապրող հայորդին իր կարգին նշած է, որ հայը ուր ալ ըլլայ, անկախ դժուարութիւններէն, պէտք է շարունակէ հայ մնալ՝ չկորսնցնելով իր ազգային նկարագիրը. ան այս առիթով մէջբերած է զինակից Դրոյի խօսքերը «Ուր էլ լինէք, ողջ մնացէք: Հայրենիքը մշտապէս ձեր կարիքը կ՛ունենայ»:
Ֆրանսահայ համայնքին մէջ հայապահպանման գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդին, ինչպէս նաեւ զինուած ուժերու կազմաւորման 23րդ տարեդարձին առիթով Սէյրան Օհանեան Մուշեղ Չալոյեան-Մարտիրոսեանը պարգեւատրած է «Դրաստամատ Կանայեան» գերատեսչական մետալով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.