Ըստ վերջինին՝ այս ձեւաչափին մէջ պէտք է նաեւ ըլլան համանախագահները եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին գրասենեակը:
Յիշեցնենք, որ Մամետեարով յայտարարած էր, որ Ատրպէյճան ընդունած է խաղաղութեան համաձայնագիրին վրայ աշխատելու համար աշխատանքային խումբ ստեղծելու առաջարկը: «Բոլորը կը հասկնան, որ հակամարտութիւնը յաւերժ չի կրնար ըլլալ, եւ ներկայ գործընթացի շարունակականութիւնը խաղաղ համաձայնագիրի ստորագրութեան հարցին մէջ դժուարութիւններ ու վտանգներ կը ստեղծէ», նշուած էր յայտարարութեան մէջ:
Լրագրողը Բաբայեանին հարցուցած է, որ յաջորդ այցելութեան ատեն ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահները կրնա՞յ ըլլալ, որ նոր յայտարարութեամբ հանդէս գան։ Դաւիթ Բաբայեան նշած է. «Նման խմբերը պէտք է զբաղուեն ամենատարրական հարցերով՝ զինադադարի ռեժիմի խախտումների բացայայտմամբ, մեղաւորներին պատժելով եւ այլն, որից յետոյ միայն հնարաւոր կը լինի քննարկել նոր առաջարկներ: Խօսել նոր մօտեցումների կիրառման մասին՝ դեռ վաղաժամ է»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.