Ստեֆանի Թօփալեան երգչուհի է, երգահան եւ դերասանուհի, ան այժմ կը բնակի Թոքիօ: Երգչուհին իրաւագիտութեան ճիւղի շրջանաւարտ է: Ունենալով բնատուր արուեստի տաղանդ՝ ան կը զգայ, որ երգն է այն երազանքը, որուն բովով պիտի ընթանայ իր կեանքը։
Այս մասին յայտնած են Հայաստանի պատկերասփիւռի Առաջին ալիքի հասարակութեան հետ կապի բաժինէն։
Նախապէս արդէն ընկերութիւնը յայտնած էր, որ «Genealogy» խումբը պիտի համախմբէ 1915ին աշխարհի 5 աշխարհամասերուն մէջ (Եւրոպա, Ասիա, Ամերիկա, Ափրիկէ, Աւստրալիա) սփռուած հայ ժողովուրդի նոր սերունդին ներկայացուցիչները: Խումբին մէջ կան ծագումով հայ 6 արուեստագէտներ՝ իրենց 6 ճակատագիրներով, բայց 1 պատմութեամբ:
Խումբի առաջին մասնակիցը ֆրանսահայ երգիչ Եսայի Ալթունեանն է, որ կը ներկայացնէ Եւրոպա աշխարհամասը, երկրորդ մասնակիցը ամերիկահայ երգչուհի Թամար Կապրելեանն է, երրորդը՝ Վահէ Թիլբեանը Ափրիկէ աշխարհամասէն:
Ներկայացուելիք երգին վերնագիրն է «Don՛t Deny» («Մի՛ ժխտեր»): «Genealogy» խումբի հինգերորդ մասնակիցին անունը պիտի յստականայ 3 Մարտին։ Ան պիտի ներկայացնէ Աւստրալիա աշխարհամասը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.