Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են համակարգի գործունէութեան առնչուող շարք մը հարցեր: Համապատասխան զեկոյցներով հանդէս եկած են ոստիկանապետը, տարբեր ստորաբաժանումներու ղեկավարներ:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ 31 Յունուարին Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիին վրայ Քաշաթաղի շրջանի հատուածին մէջ տեղի ունեցած միջադէպին վերաբերեալ ծառայողական քննութեան ընթացքին: Երկրի ղեկավարը յանձնարարած է կարելի եղածին չափ կարճ ժամանակուան ընթացքին գործընթացը աւարտին հասցնել եւ հանրութեան ծանօթացնել արդիւնքները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.