ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ուրեմն, լաւապէս մոռնալու գաղափարը երկիմաստ է: Լաւ բաներու համար՝ վատ մօտեցում կը համարուի ատիկա, իսկ վատ բաներու համար՝ լաւ:
Նորաձեւութեան աշխարհին մէջ եւս հինը մոռնալը լաւ մօտեցում չի՛ համարուիր, հակառակ անոր որ նորաձեւութեան ընդհանուր գաղափարին հետ մեր այս մտածումը կարելի չէ՛ հաշտեցնել: Նորաձեւութիւնը՝ նորաձեւութիւն կը պահանջէ, իսկ նորը միշտ հին դառնալու իր ճակատագիրին պիտի ենթարկուի ուշ կամ կանուխ:
Նորաձեւութեան ամէնէն յատկանշական երեսը ներկայ ժամանակներուն, դարձած է տարօրինակութեան յայտնագործումը: Ինչքան աւելի՛ արտասովոր՝ այդքան աւելի նորաձեւ… Մազի սանտրուածքներ, հագուստներու կարուածքներ, ինքնաշարժներու նախագիծեր, եւ դեռ ամէն ինչի նորաձեւութիւններ ներկայիս գլխապտոյտ պատճառող տեսակաւորութեամբ խճողած են մարդկային առօրեան: Վաճառականներու գործն ալ դժուարացած է, մանաւանդ իրենց դժուարահաճ յաճախորդներուն գոհացում տալու առումով: Որո՞ւն ի՛նչ հաւնեցնելու մասնագիտութեան տէր դառնալն ալ գիտութիւններու շարքին պէտք է դասել այսօր: Բոլոր մարդիկ օժտուած չեն միեւնոյն շնորհքներով: Ճիշդ է, ոմանք բազմատաղանդ կրնան ըլլալ, սակայն կարելի չէ՛ այսօր մէկ անձէ պահանջել մէկ երկվեցեակ կարողութիւն կամ նոյնիսկ տասնեակէ մը աւելի մասնագիտութիւններ: Անշուշտ միշտ ամէնէն աւելին նկատի ունինք, որպէսզի քիչ չթուայ ոեւէ մէկուն… Բոլորս ալ համաձայն պիտի ըլլանք մէկ մասնագիտութեան լաւապէս տիրապետելու եւ զայն իր բոլոր մանրամասնութիւններով կիրառելու գաղափարին:
Հետաքրքրական է սակայն այն երեւոյթը, որ վերոյիշեալ բոլոր նորաձեւութիւններուն պարագային, ժամանակ մը ետք հինցածները կը նորոգուին, գոյնի, թեթեւ մը ձեւի կամ այլ մանր տարբերութիւններու փոփոխութիւններով: Քսանհինգ տարի առաջ ձեւագիտութեան գիրքերուն մէջ նորաձեւութիւն իբրեւ ներկայացուած կանացի գլխարկի մը վրայ, քսանհինգ տարիներ ետք ընդամէնը երիզ մը կամ փետուր մը կ՛աւեցուի եւ իբրեւ նոր ներկայացնելով, կը տպուի նոր գիրքին մէջ: Կամ յիսուն տարիներ առաջ գծագրուած ինքնաշարժի մը առաջամասին կամ լոյսերուն ձեւը յանկարծ կ՛երեւի ամէնէն նորաձեւ ինքնաշարժին վրայ, որուն շարժիչը, ներքին հանգստաւէտութիւնն ու առաւելութիւնները կարելի չըլլար բաղդատել յիսուն տարի առաջ պատրաստուածին հետ: Սակայն, անոր վրայէն մանրամասնութիւն մը յանկարծ նշմարելի կ՛ըլլայ նորին վրայ: Ահա թէ ինչպէս հինը կը նորոգուի, կամ՝ լաւ եւս, հինը լաւապէս մոռցուելէ ետք, յանկարծ նորաձեւութիւն իբրեւ «կը ծախուի» մարդոց եւ ի՜նչ բարձր արժէքով…
Հինը լաւապէս մոռցուած ըլլալուն մասին վստահ պէտք է ըլլան նորաձեւութեամբ զբաղողներ: Անոնք յատուկ կերպով կ՛ուսումնասիրեն հնութեան պատկանող բոլոր արտադրութիւնները: Նոյնիսկ արդիաոճ եւ նորութեանց հետամուտ ճարտարապետներ կ՛ուսումնասիրեն հին տաճարներու եւ այլ կառոյցներու ոճերը, ու իրենց գծագրած նոր նախագիծերուն մէջ կը ներառեն անոնցմէ բաժիններ, հինը նորին միախառնելով անզգալաբար:
Երբեմն այնքան ինքնավստահութեամբ կը կատարեն անոնք այս համադրութիւնը, որ նոյնիսկ իրենց սեփական գծագիրը ըլլալու յաւակնութեամբ ատոր կրկնօրինակումը կ՛արգիլեն ուրիշներուն:
Սակայն հազար փառք արդար քննադատներուն, որոնք շուտով կը բացայայտեն անոր մէջ երեւցող որոշ ոճերու հինէն «փրցուած» ըլլալը, եւ չեն թողուր, որ անոնց հեղինակները այդքան յոխորտան իրենց կողմէ «հնարուած» նորաձեւ ոճերով:
Բարոյական կեանքի մէջ եւս, հինը նորացնելու այս երեւոյթին կը հանդիպինք: Մարդոց կեանքը բնականօրէն ծնունդէն մինչեւ մահ երկարող ժամանակաշրջան մը ունի, որուն ընթացքին ամէնէն հինը կը համարուին անոր մանկութեան օրերը, իսկ դէպի ծերութիւն երթալով, ամէն ինչ նոր պիտի նկատուի: Նոյնիսկ իրենց երիտասարդութեան մասին խօսած ատեն, տարեցներ այն տպաւորութիւնը կը թողուն, թէ երկու դար առաջուան մասին է իրենց խօսքը… Այլ խօսքով, հինցած ու անցած կը համարեն այդ օրերը, «է՛հ, երանի՜ այդ օրերուն» ըսելով:
Մարդիկ իրենց շրջապատին մէջ միշտ կ՛ունենան անձեր, որոնցմէ ոմանք բարի կը յիշեն զիրենք, իսկ ուրիշներ՝ միշտ կ՛ուզեն վերյիշել տուեալ անձի կեանքին ամէնէն տխուր ու ոչ յիշարժան դէպքերը: Երբեմն լաւապէս մոռցուած ամէնէն տխուր դէպքերը ոեւէ անձի առնչուած, անոնք կը սիրեն «վերանորոգել», հին ու ցեցակեր կարպետի մը ծակտիկները լեցնող խղճամիտ ջուլհակի «բծախնդրութեամբ», որպէսզի կարենան զայն փռել «արքաներ»ու ոտքերուն տակ, յանգոյն պարսկական թանկարժէք գորգի… Իսկ «արքաներ»ը, ինչքան ալ իմաստութեամբ գովերգուին, երբեմն կը սիրեն զիրենք շողոքորթող ստրուկներուն քծնանքներով հրճուիլ եւ ուռճանալ, ու նոյնիսկ անոնց ձեռքով իրենց ոտքերուն տակ փռուած հասարակ կարպետը, զոր իշուկ մը պիտի չընդունէր իր քամակին դրուիլ, համարել արքունական մետաքսահիւս գորգ…
Ահա ձեզի իրականութիւն, որուն վնասները մինչեւ օրս բազմամիլիոն մարդիկ, տարբեր ժամանակներու, կրած են ու տանջուած ցաւագին:
Մարդոց բարոյական կեանքէն լաւապէս մոռցուած որեւէ նիւթ վերանորոգելու ջերմ ցանկութիւնը, իր վստահելի յաճախորդները խաբող խոհարարին կը նմանի, որ սառնարանէն կը հանէ քանի ամիսներ առաջ եփած կերակուրները, ու տաքցնելով կը հրամցնէ այն անձերուն, որոնք միշտ գովեստով խօսած են իր խոհանոցայի արուեստին ու աննման խոհագիրներուն մասին:
Սեփական վարկը շահագործելու ժամկէտը շատ կարճ է: Ինչքան ալ վստահին մարդիկ տարիներու ընթացքին վաստակած համբաւիդ, մանաւանդ երբ ատիկա ուրիշներու հաշւոյն շահած ես, ու այլոց անունները օգտագործելով մագլցած քեզ համար անմերձենալի բարձունքները, կու գայ օրը, երբ սանդուխի գլխուն հաւասարակշռութիւնդ չկարենալով պահել, թաւալգլոր կ՛իյնաս վար, ու ո՛չ թէ միայն ոտքի, այլ ողնայարի անվերականգնելի կոտրուածք կ՛ունենաս:
Լաւապէս մոռցուածը միշտ վերջը նոր կ՛ըլլայ:
Ասիկա փորձուած է ու քննութենէ անցած: Սակայն զայն նորացնողը, վստահաբար ուրիշ նորութիւն չունի:
Իսկ անցեալին եղածը կրկնելը, ծիծաղաշարժ ծանօթ կենդանիին անունով «կապկում» կոչուած է: Հեռացի՛ր այսպիսի մարդոցմէ: