
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին գլխաւորութեամբ կայացած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն՝ մասնակցութեամբ զինուած ուժերու գլխաւոր ղեկավարման մարմինի պետ, զօր.-գնդապետ Եուրի Խաչատուրովի, պաշտպանութեան նախարարի, գլխաւոր ղեկավարման մարմինի պետի տեղակալներու, վարչութիւններու եւ առանձին բաժիններու պետերու, բարձրաստիճան այլ զինուորականներու եւ քաղաքացիական յատուկ ծառայողներու:
Հանդիպման ընթացքին զօրքերու մարտական եւ թեքնիք պատրաստութեան, զօրահաւաքային պատրաստականութեան վիճակին, սպառազինութեան եւ ռազմական համակարգի օգտագործման ու արդիականացման անհրաժեշտութեան հարցերուն վերաբերեալ հաշուետու զեկոյցով հանդէս եկած է զինուած ուժերու սպառազինութեան վարչութեան պետ, զօր. Մելս Չիլինգարեան: Ան հաստատած է, որ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի յանկարծակի ստուգումներու յայտագիրով նախատեսուած նախաձեռնութիւններու կայացման, նշեալ ժամանակաշրջանին սկսած են օգտագործուելու նոր կառատուն եւ այլ կառոյցներ։
Զինուորներուն մատակարարուող սննդամթերքի տեսականին ընդլայնելու ուղղութեամբ եւ պարէնային ու անհրաժեշտ առարկաներու ապահովման այլ հարցերու վերաբերեալ զեկոյց ներկայացուցած է զինուած ուժերու թիկունքի վարչութեան պետ, գնդապետ Նորայր Եօլչեանը: Արձանագրուած է, որ հաշուետու ժամանակաշրջանին դրական կերպով ընկալուած են այս առնչութեամբ եղած փոփոխութիւնները:
Խորհրդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ ռազմաբժշկական ծառայութեան կիրարկման կանխարգելիչ, մաքրութեան եւ համաճարակային անվտանգութեան ապահովման նախաձեռնութիւններուն: Ընդգծուած է, որ զինուած ուժերը համալրուած են բժշկական նորագոյն սարքաւորումներով, որոնց շնորհիւ զօրքերուն մէջ կարելի եղած է ապահովել բժշկական օգնութեան կազմակերպման պայմաններն ու կանխագելիչ քայլերու արդիւնաւէտ գործադրութիւնը։
Ներկայացուած են նաեւ բազմաթիւ առաջարկներ, որոնք կը վերաբերէին զինուորներու ընկերային-կենցաղային պայմաններու բարելաւման եւ այդ ուղղութեամբ շինարարութեան եւ զօրքերու բնակաւորման վարչութեան կողմէ գործադրուող ընթացիկ եւ հեռանկարային ծրագիրներուն։
Խորհրդակցութեան առաջին մասը եզրափակուած է զօր. Է. Ապրիամովի ամփոփիչ զեկոյցով, որուն մէջ նշուած է, թէ 1 Մարտ 2014էն մինչեւ այս տարուան 1 Մարտ ընդհանուր առմամբ պատշաճ կերպով գործադրուած է զինուած ուժերու պատրաստութեան ծրագիրով նախատեսուած բոլոր նախաձեռնութիւնները եւ ենթակայ ստորաբաժանումները ունակ են կատարելու իրենց առջեւ դրուած խնդիրները՝ թէ՛ խաղաղ, եւ թէ պատերազմական պայմաններու մէջ:
Հանդիպման երկրորդ բաժինով, որուն ներգրաւուած էին զօրամիաւորումներու եւ զօրամասերու հրամանատարները, ծաւալուն անդրադարձ կատարուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ծիրին մէջ կայանալիք համապետական, կրթաճանաչողական, տեղեկատուական նախաձեռնութիւններուն, որոնց վերաբերեալ զեկոյց ներկայացուեցաւ։
Ամփոփելով խորհրդակցութիւնը՝ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Մեծ Եղեռնի 100ամեակի առնչութեամբ անգամ մը եւս զգօնութեան ու պատասխանատուութեան կոչ ուղղած է նիստի մասնակիցներուն: